2016-12-19 10:11:00

Վատիկանի մէջ համերգ։ ''Ամէնքս ողորմածութեան արհեստաւորներ ենք'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 17 դեկտեմբեր 2016-ին, Վատիկանի ոստիկանութիւնը, Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ հանգանակութեան համերգ մը կազմակերպած էր, ի նպաստ Կենդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք` Պանկիի մանկական հիւանդանոցին, եւ կենդրոնական Իտալիոյ երկրաշարժներէն տուժածներուն։

Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, պատգամ մը յղեց, ուր իր գոհունակութիւնը յայտնեց ձեռնարկը իրականացնող բոլոր աշխատակիցներուն, ըլլան անոնք արուեստագէտներ կամ արհեստաւորներ։

Նորին Սրբութիւնը, բոլոր այդ գործակիցները անուանեց «ողորմածութեան արհեստաւորներ» նկատելով թէ «Աստուած եւ ողորմածութեան նիւթը մարդոց ձեռքով եւ ստով է որ կը ձեւաւորուի»։

«Ողորմածութեան տարւոյն աւարտին կը յիշէի, թէ ի՛նչպէս ողորմածութեան մշակոյթը կը կազմուի յարատեւ աղօթքի մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ նշեց, թէ յաղթելու համար ողորմածութիւնը լոկ խօսքերով արտայայտելու փորձութեան, հարկաւոր է ողորմածութիւն ցուցաբերել կեանքի իւրաքանչիւր օրուան մէջ։ Ասոր համար, նաեւ համերգի այդ երեկոն, կ՛ընդլայնէ ողորմածութեան յոբելեանի հորիզոնը, մասնակցելով աղքատութեան եւ կարիքի շօշափելի պարագաներու։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց թէ ինք միշտ կը խօսի աղքատներու եւ ողորմածութեան մասին, որովհետեւ դա այն կերպն է, որով Աստուած ինքզինք յայտնեց։ Ան ծնաւ իբր մանուկ, Անոր մայրը՝ Մարիամ եւ Յովսէփ օթեւան չունէին. Ծննդեան աւետիսը կը յայտնուի հովիւներու եւ ոչ թագաւորներու եւ իշխաններու։

Ըլլալ ընկերսիրութեան արհեստաւորներ եւ ողորմածութեան կերտիչներ, կը նշանակէ կատարել ներդրում ոչ թէ դրամապանակի համար, այլ դրախտի համար, երկնքի երանելի կեանքին համար՝ Հօր սիրոյն մէջ, շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը ու պատգամի աւարտին  շնորհակալութիւն յայտնեց Պանկիի եւ երկրաշարժէն տուժած մանուկներու անունով։

''Չենք կարող մեծ գործեր կատարել, հսկայ ծրագիրներ իրականացնել, սակայն այն ինչ որ կը կատարենք մեր հրայրքի ստորագրութիւնն ունի, որ Աւետարանն է'' յարեց Նորին Սրբութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.