2016-12-19 07:56:00

Սուրիական երկու շրջաններու բնակիչներ տարհանող փոխադրակառքեր հրկիզուած են։


Պատերազմական կեդրոնական տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորման եւ Ահրար Շամ շարժումին միջեւ Իտլիպի մէջ գտնուող երկու պաշարուած գիւղերուն` Ֆուայի եւ Քաֆարիայի շրջակայքը եղած բախումներուն պատճառով երկու շրջաններէն բնակիչներ տարհանելու յատուկ 5 փոխադրակառքեր հրկիզուած են: Երկու խմբաւորումներուն միջեւ տարակարծութիւն ծագած էր փոխանակման գործողութեան վերաբերեալ: Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զոյգ շրջաններէն վիրաւորներու տարհանումը խոչընդոտելով հարցերը պիտի վերադառնան զերօ կէտին:

Աւելի կանուխ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ  համաձայնութիւն ձեռք բերուած է  կառավարութեան ուժերուն եւ զինեալներուն միջեւ Ֆուա եւ Քաֆարիա շրջաններէն շուրջ 1200 անձ անվտանգ դուրս բերելու եւ կառավարութեան հսկողութեան տակ եղող վայրեր փոխադրելու, ապա Հալէպէն նոյն թիւով զինեալներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներուն անարգել դուրս գալու արտօնութիւն տալու շուրջ: Այս համաձայնութեան լոյսին տակ ալ Միջազգային կարմիր խաչի անդամներ արդէն հասած էին նշեալ շրջաններ եւ որոշ դասաւորումներու սկսած:

Թէեւ լրատուական կարգ մը միջոցներ հաղորդեցին, որ այս զարգացումներուն լոյսին տակ փոխանակման գործողութիւնը յետաձգուած է` ցնոր տնօրինում, սակայն երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նոր փոխադրակառքեր ուղղուած են Ֆուա եւ Քաֆարիա` տարհանման գործողութեան սկսելու նպատակով:

Մինչ այդ տեղեկութիւններ շրջան ըրին այն մասին, որ տակաւին Հալէպի արեւելեան շրջաններուն մէջ մնացած զինեալ խմբաւորումներ ճնշում կը բանեցնեն իրենց բանագնացներուն վրայ, որպէսզի կարելի եղածին չափ արագացնեն տարհանման աշխատանքները, որովհետեւ իրենք պիտի հրկիզեն իրենց կեդրոններն ու պահեստանոցները:

Հալէպ Դիտորդ Ուղարկելու Հարցը Պիտի Քննարկուի Այսօր

Այսօր` 19 դեկտեմբերին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պիտի քննարկէ Ֆրանսայի կողմէ ներկայացուած առաջարկը` Հալէպ դիտորդներ ուղարկելու, որպէսզի անոնք Հալէպի պաշարուած շրջաններէն մարդոց տարհանման հոլովոյթը դիտարկեն:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չորքին այս մասին խօսելով հաստատեց, որ «ֆրանսական նախագիծը` Հալէպի մէջ միջազգային դիտորդներ տեղադրելու, վտանգաւոր է եւ անգործադրելի, ուստի` մենք անոր պիտի չզօրակցինք»: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Մոսկուա պիտի արգիլէ Ապահովութեան խորհուրդը` նման որոշում տալէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.