2016-12-19 11:38:00

Աշխարհի զանազան եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին տօնը։


Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին յիշատակի օրը կը տօնուի ամէն տարի Յիսնակացի երրորդ Կիրակի օրուան յաջորդող շաբաթ օրը: Այս կը նշանակէ թէ Սուրբ Յակոբին տօնը կը յիշատակենք Դեկտեմբեր 12-18 օրերուն մէջ հանդիպող Շաբաթ օրը: Այս տարի Սուրբին տօնը նշուեցաւ 17 դեկտեմբերին։

Անցեալ օրերուն, աշխարհի զանազան  եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին տօնը ինչպէս է պարագան Գամիշլիի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ` որ նուիրուած է Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին եւ որ 17 դեկտեմբերին մեծ շուքով տօնախմբեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը  երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ աղի ու մատաղի օրհնութեամբ։

Իսկ Կիրակի՝ 18 Դեկտեմբեր 2016-ին,առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ Եկեղեցւոյ մէջ եւս նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին տօնը` Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան  Մեծաւոր Հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանի գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ որուն աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ նորակառոյց Աւագ Խորանի Տապանակին օծումը, հուսկ  կարկանդակի բեկանում եւ հիւրասիրութիւն:


Սուրբ Յակոբի կեանքը
Սուրբ Յակոբ ծնունդով ասորի էր եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջ որդին եւ
Պարթեւական տոհմէն: Անոնք միասին դաստիարակուած էին Կեսարիոյ մէջ: Ս. Յակոբ որոշ ժամանակ ապրեր էր Պարսկաստանի արքունիքին մէջ, սակայն հետագային կ’ընտրէ ճգնաւորի կեանքը եւ Ս. Հոգիին ներգործութեամբ կ’ուղուի Մծբին քաղաքի վանքերէն մէկը՝ Մարուգէ ճգնաւորին մօտ: Ան մասնակցած է Նիկիոյ մէջ կայացած տիեզերական ժողովին 325 թուականին: Մծբինի աթոռին համար ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, որ գուշակուած էր մարուգէ ճգնաւորին կողմէ: Հայ մատենագրութեան մէջ յայտնի են իր 22 ճառերէ բաղկացած «Զգօն» գիրքը: Ս. Գրիգոր Նարեկացին հիացող մը եղած է Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին,
որուն նուիրած է իր ներբողական գրութիւններէն մէկը:
Սուրբ Յակոբին նուիրուած «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ» անունով գեղեցիկ
շարական մը գրուած է: Այս շարականը հաւանաբար գրուած է այն դէպքին առիթով ուր կը պատմուի թէ պարսից Շապուհ Բ. թագաւորը աշխարհածաւալ իր արշաւանքներուն ընթացքին կը հասնի Մծբին որ կը պաշարէ 70 օրեր շարունակ: Շնորհիւ Ս. Յակոբի քաղաքին ներսէն կազմակերպած միջոցառումներուն, ան անկարող կ’ըլլայ գրաւելու Մծբինը: Այդ յաղթանակին առիթով Ս. Ներսէս Շնորհալի կը ձօնէ իր այդ շարականը:








All the contents on this site are copyrighted ©.