2016-12-19 10:57:00

2016-ին աշխարհի մէջ 57 լրագրող զոհուած է. «Առանց սահմանի թղթակիցներ»


2016-ին աշխարհի մէջ 57 լրագրողներ զոհուած են իրենց մասնագիտական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած Է «Թղթակիցներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը` ամփոփելով իր տարեկան հետազօտութեան արդիւնքները:

Անցեալ տարի աշխարհի մէջ զոհուած Էր ԶԼՄ-­ներու 67 աշխատակից:

Լրագրողները զոհուած են առաւելապէս հակամարտութեան գօտիներու վրայ: Առաջին տեղը Սուրիան է` 19 զոհուածներով: Անոր կը յաջորդէ Աֆղանիստանը, ուր զոհուած լրագրողներուն թիւը հասած է տասի: Ցուցակին յաջորդ տեղերը գրաւած են Իրաքը (7 մարդ) եւ Եմենը (5 մարդ):

«Թղթակիցներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը՝ առաջին անգամ ընդհանուր ցուցակին մէջ մտցուցած է նաեւ զոհուած ոչ մասնագէտ լրագրողներ` էջերու ներկայացուցիչներ (9 մարդ) եւ այլ մասնագիտութիւններու ութ ներկայացուցիչներ, որոնք տեղեկութիւններ կը մատակարարէին ԶԼՄ-­ներու աշխատողներուն եւ ատոր համար կեանքով հատուցած են: Նախապէս, անոնք կը ներառուէին վիճակագրական առանձին բաժիններու մէջ:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ «այս տարի զոհուածներու ցուցանիշին զգալի նուազումը կապուած է այն բանի հետ, որ լրագրողները կը ջանան խուսափիլ ամենավտանգաւոր երկիրներէն` Սուրիայէն, Իրաքէն, Լիպիայէն, Եմենէն, Աֆղանիստանէն, Պանկլատէշէն եւ Պուրունտիէն»,- հաղորդած Է ՏԱՍՍ-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.