2016-12-17 10:32:00

Հրանուշ Յակոբեան այցելած է Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու Հռիփսիմեանց վարժարան


Աշխատանքային այցով Դեկտեմբեր 10-13 Լիբանան այցելած ՀՀ սփիւռքինախարար Հրանոյշ Յակոբեան Դեկտեմբեր 13-ին, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ պաշտօնական հիւրերու ուղեկցութեամբ, որոնց մէջ էին արհիապատիւ Տ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան, գերապատիւ հայրեր, վարժարանի բարերար անձնաւորութիւններ, այցելած է Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու Հռիփսիմեանց վարժարան:

Պատուիրակութեան դիմաւորած են վարժարանի տնօրէնութեան, ծնողական վարչութեան անդամները եւ ուսուցիչները:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պաշտօնական հիւրերուն հետ յարգանքի տուրք  մատուցած է վարժարանի շրջաբակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խաչքարին մօտ` վառելով ոգեղէն կեանքի յաւերժալոյս մոմը եւ այն զետեղելով խաչքարին դիմաց:
Այնուհետեւ վարժարանի մուտքին մօտ աւարտական դասարանի աշակերտները նախարարին դիմաւորած են աղուհացով:

Նախարարի այցելութեան առիթով վարժարանին մէջ տեղի  ունեցած է գեղարուեստական յայտագիր` ներկայացուած աշակերտներուն կողմէ:

Ողջոյնի խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Արմինէ Մակարոսեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է  նախարարին` իրենց կրթօճախ այցելելու համար եւ աւելցուցած, որ նման հանդիպումները  նաեւ իրենց կը քաջալերեն` դաստիարակելու սերունդ, որ միշտ հայրենիքի կողքին կ’ըլլայ, անոր ծառայելու ոգի կ’ունենայ:

«Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի այցելութիւնը առանձնայատուկ օր էր մեր վարժարանին համար, ուրախութեան, գնահատանքի եւ հպարտութեան պահեր ապրեցանք բոլորս: Շատ պաշտօնեաներ  մեր դպրոց այցելած էին, բայց այս հանդիպումը այլ էր, առանձնակի ջերմ ու մտերմիկ: Հանդիպման  քանի մը վայրկեաններն ալ բաւական էին` հասկնալու, որ գործ ունինք բացառիկ անձնաւորութեան հետ, գիտակից, լաւ պատրաստուած, միաժամանակ` շատ պարզ, համեստ: Թէ՛ մեծերու, թէ՛ փոքրերու հետ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընկերական էր ու շատ անկեղծ: Այդ հանդիպումը յաւերժ պիտի դրոշմուի ո՛չ միայն ներկաներուս` ուսուցչական կազմի, աշակերտներու, ծնողներու յիշողութիւններուն մէջ, այլեւ պիտի մնայ դպրոցի պատմութեան էջերուն մէջ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ վարժարանի տնօրէն Արմինէ Մակարոսեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարած է Մայրենիի պահպանումը եւ յորդորած աշակերտներուն լաւ սորվիլ, որպէսզի կարենան բարձունքներ նուաճել ու օգտակար ըլլալ ո՛չ միայն իրենց համայնքին, բնակութեան երկրին, այլեւ` հայրենիքին:

Նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ 95-ամեայ վարժարանի մատուցած հայապահպան ծառայութիւնը` աշակերտներուն հայեցի դաստիրակութիւն փոխանցելու ուղղութեամբ, եւ շնորհակալութիւն յայտնած բոլոր անոնց, որոնք ջանք չեն խնայեր, որպէսզի Սփիւռքի մէջ մեծցող հայ աշակերտներու հոգիին մէջ միշտ վառ մնայ հայկական ինքնութիւնն ու հայրենասիրութիւնը:

Այնուհետեւ վարժարանին կողմէ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին փոխանցուած է յուշանուէր` վարժարանի եւ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարի համայնապատկերով:

Աւելցնենք, որ վարժարանի շրջաբակին մէջ տեղադրուած խաչքարը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Խաչքարը պատրաստուած է Հայաստանի մէջ: Հեղինակը Զաւէն Փալիկեանն է, իսկ հովանաւորը` տէր եւ տիկին Պոյաճեանները: Խաչքարի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է 2015 թուականի Ապրիլ 19-ին` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, որուն ընթացքին ցուցադրուած է նաեւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի տեսաուղերձը: Արարողութեան ներկայ  եղած են Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ  կաթողիկոս Ներսէս Պետրոս, Հռոմի Պապական ներկայացուցիչ քարտինալ Նոս եւ ուրիշներ:

«Խաչքարը մեր հայրենիքի ներկայութիւնն է, միաժամանակ կը խորհրդանշէ յիշելու եւ պահանջելու չմարող ոգին, որ կը փոխանցենք նաեւ մեր աշակերտներուն»,-«Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին իր խօսքը եզրափակած է Արմինէ Մակարոսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.