2016-12-17 10:38:00

Թուրքիոյ հայ համայնքը կը պահանջէ անյապաղ կատարել Պատրիարքի ընտրութիւնը


Թուրքիոյ հայ համայնքը Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւն իրականացնելու առնչութեամբ հանդիպումներ կը կազմակերպէ: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Դեկտեմբեր 13ին, Պոլսոյ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

«Ակօս» թերթը կը տեղեկացնէ, որ «Տեսակէտներու հարթակ»ին կողմէ կազմակերպուած ժողովը կայացած է վերջին շրջանին պատրիարքի ընտրութեան համար ստեղծուած իրավիճակն ու խոչընդոտները քննարկելու եւ խնդիրի լուծման համար միտքեր փոխանակելու նպատակով:

Առաջին ժողովին մասնակցած է մօտաւորապէս 300 հոգի, ներառեալ՝ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան:

Մասնակիցներէն՝ փաստաբան Սեդրակ Տաւութհան ներկայացուցած է պատրիարքական ընտրութիւններու իրաւական գործընթացը, որ ըստ փաստաբանին՝ 8 տարիէ ի վեր կ՛անտեսուի:

Իր կարգին, «Պիլկի» համալսարանի դասախօս Օհաննէս Քըլըճտաղ խօսած է ընտրութիւնները չիրականացնելու պատճառներուն եւ ստեղծուած իրավիճակի հետեւանքներուն մասին: Ան յիշեցուցած է, որ նախապէս եւս համայնքը պատրիարք ընտրելու խնդիրներ ունեցած է, եւ 1944էն մինչեւ 1950՝ պատրիարքական աթոռը թափուր մնացած է: Սակայն, ան ըսած է, որ հայկական համայնքը, հակառակ բարդ խնդրիներուն, երբե՛ք այնքան կրաւորական չէ եղած, որքան է՛ այսօր: Ընկերաբանը այս ճգնաժամին նկատմամբ հայ համայնքին ցուցաբերած կեցուածքը նմանցուցած է՝ «մահացածի մը, որ կը սպասէ թաղուելուն»:

Քննարկման ընթացքին, համայնքի անդամներէն Կարօ Գաբրիէլեան քննադատած է պատրիարքարանը եւ հոգեւորականները՝ եկեղեցւոյ բաւարար նուիրուած չըլլալնուն համար, իսկ քննարկման մասնակիցներէն Ուրազ Գասպար առաջարկած է, որ հայ պատգամաւորները պատրիարքի ընտրութեան հարցը բարձրացնեն խորհրդարան: Սակայն, Սելինա Տողան իր կարգին յայտնած է, որ այդ հարցին լուծումը պէտք չէ խորհրդարանէն ակնկալել։

Հանդիպման աւարտին, հարթակի անդամները վաւերացուցած են համատեղ յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուի, որ Հայոց պատրիարքութիւնը, որ 555 տարուան աւանդոյթ ունի, կը ներկայացնէ այդ հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդ մը, որ 3000 եւ աւելի՛ տարուան պատմութիւն ունի: Կը նշուի նաեւ, որ 2008էն ետք, երբ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան, հիւանդութեան պատճառով, այլեւս չկրցաւ շարունակել իր պարտականութիւնները, հայ համայնքը չկրցաւ նոր պատրիարք ընտրել:

«Խախտուած է մեր դաւանանքի ազատութեան իրաւունքը, իսկ ընտրութիւններ իրականացնելու իրաւունքը անհիմն պատճառաբանութիւններով խլուած է մեզմէ։ Ժամանակի կորուստ այլեւս չե՛նք հանդուրժեր», յայտարարած են մասնակիցները՝ պահանջելով եկեղեցւոյ հին աւանդոյթներուն համաձայն՝ ժողովուրդի քուէարկութեամբ ընտրութիւններ կատարել:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 27ին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան հոգեւոր խորհուրդը, մեկնելով եկեղեցական աւանդոյթներէ բխող դրոյթներէն՝ որոշած էր պաշտօնազուրկ ընել ներկայ պատրիարք Մութաֆեանը: Հոգեւոր խորհուրդին կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, թէ այսուհետեւ պատրիարքին աթոռը թափուր մնալով՝ որպէս յաջորդ քայլ պիտի դիմուի պատկան մարմիններուն, նոր պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու արտօնութիւն ստանալու նպատակով:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.