2016-12-17 10:26:00

2015ին Արցախի մէջ աղքատութիւնը նուազած Է 3.4 տոկոսով


16 Դեկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը ներկայացուցած է 2015 թուականի տնային տնտեսութիւններու կենսապայմաններու   ամբողջացուած հետազօտութեան հիմնական արդիւնքները:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տեղեկատուական բաժինէն կը յայտնեն, որ Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը 2015ին Լեռնային Ղարաբաղի 1620 տնային տնտեսութիւններու մէջ, որոնց 756ը՝ քաղաքային եւ 864ը՝ գիւղական բնակավայրերէ, միջազգայնօրէն ընդունուած մեթոտաբանութեամբ, կատարած է տնային տնտեսութիւններու կենսապայմաններու ամբողջացուած հետազօտութիւն:  Ըստ հետազօտութեան արդիւնքներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աղքատ է բնակչութեան 22.8 տոկոսը, որուն կարգին ծայրայեղ աղքատ՝ 6.5 տոկոսը, նախորդ տարուան համապատասխանաբար 26.2 եւ 6 տոկոսի փոխարէն:  Այսինքն՝ 2014ին հետ բաղդատելով, Արցախի մէջ աղքատութիւնը նուազած է 3.4 տոկոսով:

Քաղաքային շրջաններուն մէջ աղքատները կազմած են 26.2 տոկոս, իսկ գիւղական բնակավայրերուն՝ 19.1 տոկոս, այսինքն՝ աղքատներուն եւ ծայրայեղ աղքատներուն մեծ մասը (60.4 տոկոս) քաղաքաբնակներ են: Նման ցուցանիշներ ցոյց կու տան, որ բնամթերային գիւղատնտեսութիւնը կարեւոր դեր ունի բազմաթիւ անձեր աղքատութենէն դուրս բերելու առումով:

2015ին աղքատութեան ընդհանուր եւ ծայրայեղ աղքատութեան գիծերը, արտայայտուած մէկ չափահաս անձի հաշուոյն, մէկ ամսուան համար գնահատուած են 35,881 դրամ (կամ 75.1 տոլար) եւ 24,284 դրամ (կամ 50.8 տոլար):

2015ին աղքատութեան սրութիւնը եղած է 1.7 տոկոս, խորութիւնը՝ 5.2 տոկոս:

Աղքատութիւնը դիտարկուած է ըստ սպառման եւ եկամուտի ցուցանիշներուն. ըստ հետազօտութեան արդիւնքներուն՝ եկամուտի ցուցանիշի հիման վրայ գնահատուած աղքատութեան մակարդակը շուրջ 1.3 անգամ կը գերազանցէ սպառման ցուցանիշով աղքատութեան մակարդակը: Միեւնոյն ժամանակ ծայրայեղ աղքատութեան մակարդակը, ըստ եկամուտի ցուցանիշին, 1.2 անգամ կը գերազանցէ սպառման ցուցանիշով ծայրայեղ աղքատութեան մակարդակը: Այդ տարբերութիւնը կը բացատրուի հիմնականին մէջ սպառման բաշխման համեմատ եկամուտներու բաշխման առաւել բարձր անհաւասարութեամբ:

Մինչեւ հինգ տարեկան, 6-9, 15-17 տարեկան երեխաներուն պարագային աղքատութեան մակարդակը աւելի բարձր է այլ տարիքային խումբերուն հետ բաղդատելով։ 45-49 տարիքային խումբերու մէջ 2015ին աղքատութեան մակարդակը ամէնէն նուազն է:

Դիտարկելով տնային տնտեսութիւններու եկամուտներու աղբիւրները ըստ բնակավայրերուն՝ ակնյայտ կը դառնայ, որ վարձու աշխատանքէ ստացուած եկամուտներու կարեւորութիւնը մեծ է յատկապէս քաղաքաբնակներուն համար, ուր անիկա 2015ին կազմած է ամբողջական եկամուտներու 62.4 տոկոսը, 2014ի 58.5 տոկոսի փոխարէն:

2015ին հետազօտութեան արդիւնքներով պարզուած է, որ բնակչութիւնը առողջութեան հիմնական պահպանման ծառայութիւններուն քիչ կը դիմէ, եւ որ ասոր հիմնական պատճառը ինքնաբուժումն է՝ 61.1 տոկոս:

Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան արդիւնքներուն՝ 2015ին կենսաթոշակները, որպէս եկամուտի աղբիւր, նշած է հարցուածներուն  55 տոկոսը:  Եթէ դադրեցուի ընկերային փոխանցումներու (կենսաթոշակներ եւ դրամական ընկերային աջակցութիւն) վճարումը, իսկ աղքատ բնակչութիւնը չկարենայ այլ աղբիւրներու հաշուոյն փոխհատուցել այդ կորուստը, ապա աղքատութեան եւ ծայրայեղ աղքատութեան մակարդակները զգալիօրէն պիտի աւելնայ. աղքատութեան մակարդակը 22.8 տոկոսէն պիտի բարձրանայ 45.6 տոկոսի, աղքատները աւելի պիտի աղքատանան, որովհետեւ աղքատութեան խորութիւնը՝ աղքատութեան գիծի նկատմամբ անոնց միջին սպառման պակասուրդը 5.2 տոկոսէն պիտի կազմէ 23.9 տոկոս:

Աղքատութիւնը բազմաբնոյթ է եւ անիկա կարելի է չափել թէ՛ առարկայական եւ թէ ենթակայական մօտեցումներով: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մէկ անձի մուտքերու հիման վրայ  նկատի առնուած կենսամակարդակի առարկայական գնահատականի (22.8 տոկոս) համեմատ, ենթակայական գնահատականները (իրենց բարեկեցութեան վերաբերեալ անհատներու անձնական տեսակէտները) աւելի ցած են (3.3 տոկոս):  Իրենք զիրենք ծայրայեղ աղքատ կը նկատեն 0.6 տոկոսը՝ 6.5 տոկոս մէկ չափահասին համարժէք սպառման ցուցանիշով գնահատուած ծայրայեղ աղքատութեան մակարդակին համեմատ:

Անհաւասարութիւնը առկայ է ամբողջ բնակչութեան պարագային։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակչութեան մակարդակներու միջեւ բեւեռացում կայ։ Ըստ ամբողջական եկամուտներուն անհաւասարութիւնը կազմած է 0.307՝  2014ի  0.380ի դիմաց:








All the contents on this site are copyrighted ©.