2016-12-16 12:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 16 դեկետմբերի քարոզը՝ ՝՝Յովհաննէս Մկրտիչի վկայութիւնը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, Տումուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  արտասանած քարոզին նիւթը դարձեալ եղաւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի անձը, որուն մասին կարդացուեցաւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումին մէջ։ Սուրբ Պատարագի արարողութեան ներկայ գտնուեցան, իրենց ամուսնութեան 50 ամեակը նշող պսակեալ զոյգեր։

Խօսելով Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին մասին Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ Անոր կուչումը եղաւ Յիսուսի մասին  վկայութիւն տալ եւ լապտերի նման ցոյց տալ Յիսուսը` Լոյսը։  ՝՝Լապտեր մը որ ցոյց կու տայ թէ ուր է Լոյսը։ Կը վկայէ լոյսի մասին։ Սուրբ Յովհաննէս, ձայնն էր։ Այն ձայնը, որ անապատին մէջ կ՝աղակէր։  Այն ձայնը որ վկայութիւն կու տայ Բանին, Աստուծոյ Բանին։  Ան՝ լոկ ձայն էր՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա շեշտը դրաւ Յովհաննէս Մկրտիչի հեզութեան վրայ. ''Ինձմէ վերջ եկողը  ինծմէ մեծ է ու ես արժանի չեմ անոր կօշիկի կապերը կապելու''։

Խօսելով Յովհաննէս Մկրտիչի հեզութեան մասին Սրբազան Հայրը ըսաւ ՝՝Յովհանէս Մկրտիչի մեծութիւնը կը կայանայ օրէնսդիրներուն  տուած պատասախանին մէջ ,որ Ինք Մեսիան չէր՝՝ աւեցնելով թէ այս զօրեղ, եւ ժամանակաւոր վկայութիւնը ցոյց տուաւ եւ դուռը բացաւ Հօր վկայութեան՝ Յիսուսին­ որ այսօրուան աւետարանին մէջ կ՝ըսէ ՝՝ես, Յովհաննէս Մկրտիչէն աւելի մեծ վկայութիւն ունիմ՝ Հօր Վկայութիւնն է։

՝՝Յովհաննէս Մկրտիչը եղաւ վկայութեան  դուռը բացողը,  հաստատեց Սրբազան Հայրը ու աւելուց  ''Ան միշտ իր անձը ուրացաւ՝ ինքզինք նուաստացուց։ Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսին նոյն ճամբան առաւ՝ նուաստացումի ուղին, որ պարուհիի մը սնապարծութեան ինչպէս նաեւ գինով մարդու տկարութեան պատճառաւ, մութ խցիկի մը մէջ  գլխատուեցաւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը ուղղելով մատրան մէջ գտնուող եպիսկոպոսներուն եւ պսակեալներուն որոնք կը նշեն իրենց ամուսնութեան 50 ամեակը.  յարեց թէ այսօր գեղեցիկ օր մըն է մենք մեզի հարց տալու ՝՝եթէ մեր քրիստոնէական կեանքը միշտ իր դռները կը բանայ Յիսուսին առջեւ, եւ եթէ մեր կեանքով ցոյց կու տանք Յիսուսը։

Նորին Սրբութիւնը ապա բարեմաղթութիւններ յայտնեց պսակեալ զոյգերուն ու քաջալերեց որ շարունակեն իրենց ընթացքը որպէս Յիսուսի վկաներ, ապա՝ հայցեց Յովհաննէս Կարապետի բարեխօսութիւնը, որպէսզի օգնէ զանոնք յարատեւելու այդ ուղղութեամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.