2016-12-16 08:41:00

Հալէպի Արեւելեան թաղամասերէն սկսած է բնակիչներու եւ զինեալներու հեռացումը


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Հալէպի մէջ ընթացք առած է բնակիչներու եւ զինեալներու` ընդդիմադիր զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող թաղամասերէն հեռացումը:

Բնակիչներու, զինեալներու եւ վիրաւորներու դուրս բերումը պէտք է սկսէր չորեքշաբթի օր, սակայն հաստատուած զինադադարի խախտումը խոչընդոտեց աշխատանքներու ձեռնարկումը:

Սուրիական բանակը այս շաբաթ քառամեայ պայքարէ ետք իր վերահսկողութեան տակ առաւ զինեալ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ գտնուող արեւելեան Հալէպի գրեթէ բոլոր շրջանները:

Սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը նախապէս հաղորդած էր. «Չորս հազար զինեալներ եւ անոնց ընտանիքները հինգշաբթի օր դուրս պիտի բերուին (Հալէպի) արեւելեան շրջաններէն»:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ երէկ նշեց, որ Թուրքիա կը քննարկէ Սուրիոյ մէջ Հալէպէն դուրս բերուողներու համար ճամբարի մը ստեղծման կարելիութիւնը:

Ան նշեց, որ Հալէպէն կրնայ 80 հազարէն 100 հազար մարդ դուրս բերուիլ:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ յայտնեց, որ Հալէպի ազատագրումը ներկայիս գրուող պատմութիւն է` աւելցնելով, որ Հալէպի ազատագրումէն ետք սուրիական, շրջանային ու միջազգային կացութիւնն ու քաղաքի ազատագրումէն առաջ տիրած կացութիւնը նոյնը չեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.