2016-12-16 09:18:00

Լրատուութեան ԱՄԵՐԻԿՕ մրցանակը Վատիկանի Ձայնասփիւռին։


(Ռատիօ Վատիկան) ԱՄՆԻ Ֆիրենցէի հիւպատոսարանի նախաձեռնութեամբ, հինգշաբթի 15 դեկտեմբեր 2016-ին. Ռատիօ Վատիկանին շնորհուեցաւ` Ամերիկօ Լրատուութեան մրցանակը, Վատիկանի ձայնասփիւռին ԱՄՆ-ին իրականութեան յատկացուած յատուկ ուշադրութեան համար, ինչպէս նաեւ անոր ընծայած կարեւոր եւ հեղինակաւոր տեղեկատուութեան համար։ Մրցանակի տուչութեան արարողութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Ռուզվելթի 1941-ին արտասանած պատմական ճառը, որուն մէջ ընդգծուած էին չորս ազատութիւններ. կրօնի, կարծիքի, կարիքէն ու վախէն։ Արժէքներ որոնք միշտ հանդիսացած են Վատիկանի Ձայնասփիւռի տեղեկատուութեան կեդրոն։ ''Այնտեղ ուր այս ազատութիւնները գոյութիւն չունին, այնտեղ կայ աղքատութիւն, անհանդուրժողութիւն ու հալածանք'' ըսուած է Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին։

Վատիկանի Ռատիոն խղճի պարտք կը համարէ առաւել կարիքաւոր ոլորտներու հայող տեղեկատուութիւնը երաշխաւորելը ու եթէ իրապէս կը ցանկանք աւելի լաւ աշխարհ մը, ինչպէս յաճախ կը կրկնէ Ֆրանչիսկոս Պապ, կարելի չէ անտեսել այս մէկը։








All the contents on this site are copyrighted ©.