2016-12-15 08:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Վատիկանի վեհաժողովին մասնակցող քաղաքապետներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Իմ դուրս միշտ բաց է Ձեզի ու քաղաքապետերու այս նոր ցանցին առջեւ'' այսպէս գրեց Նորին Սրբութիւնը Եւրոպացի կարգ մը քաղաքապետերու յղած նամակին մէջ` որոնք 9 եւ 10 դեկտեմբերին Վատիկանի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Գիտութեան Քահանայապետական Ակադեմիայի կողմէ կազմակերպուած վեհաժողովին որուն գլխաւոր նիւթը հանդիսացած էր գաղթականութիւնը։

''Ձեզի կը յայտնեմ իմ հիացմունքս եւ իմ գնահատանքս ձեր խելացի ու քաջարի գործունէութեան ի սպաս գաղթական եղբայրներուն ու քոյրերուն'' կը գրէ ապա Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց բերած մասնակցութեան ու վստահեցնելով թէ ինք մօտէն հետեւեցաւ աշխատանքի գործընթացին ու թէ վստահ է թէ անոնք ունեցած փայլուն ձեռքբերումներ։

Նամակի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր կը գնահատէ  քաղաքապետներու նոր ցանցի մը ստեղծումը։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ վեհաժողովին մասնակիցները նիստերու աւարտին ստորագրեցին փաստաթուղթ մը` որուն մէջ միաձայն կը հաստատեն թէ ''գաղթականները մեր եղբայրներն ու քոյրերն են''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.