2016-12-15 12:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպաններուն


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 15 դեկտեմբերին առաւօտեան, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկսոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց հաւատարմագիրներ ներկայացնող՝ Շուէտի, Ֆիժիի, Մոլտովայի, Մաուրիցիոսի , Թունիսի եւ Պուրունտիի Սուրբ Աթոռի մօտ  նորանշանակ դեսպանները։

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը  շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն,  Սուրբ Աթոռի  հետ  կապ պահելու եւ համագործակցելու համար, անոնցմէ խնդրելով,  որ ողջոյնները փոխանցեն իրենց երկիրներու նախագահներուն։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ, որ դեսպանները եկած են աշխարհի հեռաւոր եւ զանազան վայրերէն, եւ այս մէկը հաճելի երեւոյթ  համարեց, որովհետեւ Սուրբ Աթոռի հորիզոնը իր բնութեամբ տիեզերական է եւ եղեկեցւոյ ունեցած կոչումին պատճառով՝ զոր Աստուած յանձնեց Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, էականօրէն կրօնական  առաքելութիւն է,  եւ  իր պատմութեան մէջ  կ՝ընդգրկէ  ուրիշ պետութիւններու եւ երկիրներու հետ յարաբերութեան ծաւալը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նոր դեսպաններուն առաջ դրաւ խաղաղութեան համաշխարհային օրուան իր պատգամը, հրատարակուած մի քանի օր առաջ, որուն նիւթն  է ՝՝Բռնութեան կասեցումը , խաղաղութեան համար  քաղաքական  ոճ՝՝։

Խօսելով աշխարհի խաղաղութեան մասին Սրբազան Հայրը յարեց թէ հակամարտութիւններով յատկանշուած աշխարհին մէջ  ՝՝բռնութենէ զուրկ կենցաղի ընտրանքը,  բոլոր մակարդակներու  վրայ առաւելապէս կը դառնայ պատասխանատուութեան կարիք, սկսեալ  ընտանեկան դաստիարակութենէն, ընկերային եւ քաղաքացիական յանձնառումէն, մինչեւ քաղաքական եւ միջազգային յարաբերութիւններ։“

Ան շեշտեց, թէ ազգային եւ միջազգային գետնի վրայ մեծ պատասխանատուութիւնն ունեցող անձերը, պէտք է իրենց խղճմտանքին եւ իրենց վարած պաշտօնին մէջ որդեգրեն բռնութենէ զերծ վարուելակերպ։ Այս մէկը տկարութեան նշան չէ, այլ ընդհակառակը՝ հոգիի քաջութիւն եւ հարցերը  դիմագրաւելու մտային պարկեշտութեան կարողականութիւն է, որ կը փնտռէ հասարակաց բարիքը՝ անձնական կամ քաղաքական շահերէն առաջ։  

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց , որ անցեալ  դարը յատկանշուած էր ցեղասպանութիւններով եւ հակամարտութիւններով,  սակայն եղած են լուսաւոր տիպարներ, որոնք ցոյց տուած են, թէ բռնութեան ժխտումը՝ որդեգրուած եւ գործադրուած համոզումով՝ կրնայ ունենալ կարեւոր արդիւնքներ, ըլլա´յ ընկերային ըլլա´յ քաղաքական գետնի վրայ։

Այս ուղիով պէտք է ընթանալ՝ խաղաղութեան կերտման համար,  թէ´ ներկայի եւ թէ´ ապագայի մէջ։ Ահա ա´յս է խաղաղութիւնը, եւ ոչ թէ այն, որ հռչակուած է խօսքերով, սակայն գործնականօրէն մերժուած է արարքներով՝ ցուցաբերուած տիրապետական ռազմավարութեան որդեգրումով եւ զինավաճառութեամբ, մինչ անդին բազմաթիւ անհատներէն կորզուած է ապրուստի ամենէն էականը։








All the contents on this site are copyrighted ©.