2016-12-15 09:58:00

ՄԱԿ-ի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարին երդման արարողութիւնը


ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ կայացաւ նոյն կազմակերպութեան նորընտիր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշի երդման արարողութիւնը։

Հրաժեշտի ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ կազմակերպութեան ներկայ քարտուղարը՝ Պան Քի Մուն, ըսելով. «Անցեալ տասը տարիներուն, ինծի համար պատիւ էր աշխատիլ խիզախ, նուիրեալ ու տաղանդաշատ բազմաթիւ այրերու եւ կիներու հետ»։

Կիւթերեշ, որ պաշտօնը պիտի ստանձնէ Յունուար 1, 2017ին, այդ պաշտօնին համար ընտրուելէն ի վեր, արդէն իսկ այցելած է կարգ մը մայրաքաղաքներ, մասնաւորաբար՝ Լոնտոն, Փարիզ, Պէյժինկ, Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա։ Ան եղած է Փորթուկալի վարչապետը (1995-2002), Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահը (1999-2005), իսկ 2005-2015 թուականներուն՝ ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը։

Կիւթերեշ, նաեւ, հայազգի մեծահարուստ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կտակին համաձայն ստեղծուած եւ մշակութային, կրթական ու մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնող «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հոգաբարձութեան անդամ եղաւ 2013ի Փետրուարին՝ հնգամեայ ժամկէտով:








All the contents on this site are copyrighted ©.