2016-12-15 12:00:00

Հիւանդի 25-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հիւանդի համաշխարհային օրուան հայող պատգամը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը նշէ թէ յառաջիկայ 2017-ի` Փետրուար 11-ին համայն եկեղեցւոյ, ու յատկապէս Լուրտի  մէջ պիտի նշուի Հիւանդին Համաշխարհային 25-րդ օրը, որուն բնաբանն է '' Զարմանք Աստուծոյ ըրածներուն ի տես ''որովհետեւ հզօրն ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ'' (Ղուկ 1,49)։

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  կ՛ակնարկէ ապա հիւանդի համաշխարհային օրուան հաստատումին` որ կատարած էր իր նախորդը` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 1992-ին եւ որ առաջին անգամուան համար նշուած էր 1993-ի փետրուար 11-ին, ճիշդ Լուրտի սրբավայրին մէջ, այս առընչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ  թէ այդ օրը յատուկ առիթ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու հիւանդներուն ու աւելի ընդարձակ կերպով բոլոր տառապողներուն ու միեւնոյն ատեն հրաւէր` անոնց որոնք հիւանդներով կը զբաղին, գոհութիւն մատուցելու Տիրոջ  իրենց պարգեւած այսպիսի ծառայական կոչումին համար` ընկերանալ հիւանդ եղբայրներուն։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկելով Լուրտի մէջ կատարուելիք արարողութիւններուն իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց որոնք տառապանքի մէջ կ՛ապրին ինչպէս նաեւ այդ տառապողներու ընտանիքներուն, ապա կը գնահատէ հիւանդներու խնամակալութեամբ զբաղող  աշխարհի բոլոր կառոյցները, քաջալերելով բոլորը հիւանդները, տառապողները, բժշկական անձնակազմը, հիւանդապահները, ընտանիքներն ու կամաւորները, Սրբուհի Պերնատեթի նման` Մարիամի մէջ փնտռելու  Աստուծոյ քնքշութիւնը երաշխաւորողը ու հաւատքի մէջ գտնելու ուժը` սիրելու զԱստուած եւ եղբայրները։

Մարիամ` կը գրէ ապա Քահանայապետը պատգամին մէջ, Պերնատեթին շնորհեց կոչումը ծառայուելու հիւանդներուն ու զայն կը կոչէ ըլլալու ''Գթութեան Կրօնաւորուհի'', առաքելութիւն մը զոր Պերնատէթ կատարեց այնպիսի վեհանձն անձնուիրումով որ արժանացաւ դառնալ օրինակ` բոլոր բժշկական մարզի գործիչներուն։

Հայցենք ուրեմն Անարատ Յղութենէն որ մեզի համար ընդունի  հիւանդներուն հետ յարաբերուելու շնորհքը, կը գրէ հուսկ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ`  Հիւանդներ Մխիթարող Մարիամին հայեացքը կը լուսաւորէ Եկեղեցւոյ դիմագիծը­, անոր առօրեայ յանձնառումին մէջ ի սպաս կարիքաւորներուն ու տառապողներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը հրաւիրէ յառաջիկայ հիւանդի միջազգային օրուան առթիւ­, վերագտնել նոր սլացք տարածելու համար կեանքի, առողջութեան ու միջավայրի յարգանքի  մշակոյթ մը, նորոգուած սլացք պայքարելու համար մարդ անհատի արժանապատուութեան ու անոր ամբողջականութեան յարգանքի ի խնդիր։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ հիւանդները, առողջապահական ասպարէզի գործիչներն ու կամաւորները աղօթք բարձրացնելու Աստուածամօր, որպէսզի իր Մայրական բարեխօսութեամբ թիկունք կանգնի ու առաջնորդէ մեր հաւատքը ու իր Զաւկէն` Քրիստոսէն ընդունի յոյսը` բժշկութեան ու ապաքինումի, ինչպէս նաեւ շնորհքը ըմբռնելու եղբայրութեան ու պատասխանատուութեան ու Մարդկային համապարփակ զարգացումի իմաստը եւ երախտագիտութեան ուրախութիւնը` ամէն անգամ որ Ան մեզ կը զարմացնէ իր հաւատարմութեամբ եւ իր ողորմածութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը կ՛եզրափակէ Սուրբ Կոյս Մարիամին ուղղած աղօթքով որուն մէջ ի մէջ այլոց կ՛ըսէ. ''Ով Մարիամ մեր Մայրը, որ Քրիստոսի մէջ կ՛ընկալես մեզմէ ամէն մին որպէս զաւակ, հասիր մեր օգնութեան` մեր հիւանդութեան ու տառապանքին մէջ ու մեզ առաջնորդէ դէպի Քրիստոս` Քու զաւակդ ու մեր եղբայրը, ապա օգնէ մեզի վստահելու Հօր` որ մեծ բաներ կը կատարէ''։

Տուեալ ի վատիկան 8 դեկտեմբեր 2016-ին,  Տօն` Անարատ Յղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.