2016-12-14 10:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը. ''Քրիստոնէական Յոյսը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 14 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու այս առթիւ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը որուն առանցքը կազմեց Քրիստոնէական յոյսը` ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն որ քաղուած էր Եսայի Մարգարէի գիրքէն (Եսայի 52, 7.9-10) ''Ինչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը, որ աւետիս կը բերէ, խաղաղութիւն կը քարոզէ...''

''Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կը մօտենանք Սուրբ Ծննդեան եւ Եսայի մարգարէն անգամ մը եւս մեզի կ՛օգնէ բացուելու յոյսին եւ ընկալելու փրկութեան բարի լուրը'' ըսաւ Քահանայապետը մէջբերելով Եսայայ Մարգարէին` 52 գլխուն պարունակութիւնը, ուր Մարգարէն կը հրաւիրէ Երուսաղէմը ''արթննալու, հագնելու զօրութիւնը, փառաւոր հանդերձները...վասն զի Տէրը եկաւ իր ժողովուրդը ազատելու''։ Մարգարէն ապա կ՛աւելցնէ ''Իմ ժողովուրդս պիտի գիտնայ իմ անունս ու պիտի հասկնայ թէ` ես ան եմ որ կը խօսէի։ Ահա ես եմ։

Այս ''Ահա ես եմ''-ին` արտասանուած Աստուծոյ կողմէ, կը համապատասխանէ Երուսաղէմի ուրախութեան տաղը, որով վերջ կը գնտէ Բաբելոնի աքսորը եւ Իսրայէլացիներուն  թոյլ կը տրուի վերագտնելու զԱստուած` հաւատքի մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերեց Եսայի մարգարէէն այլ հատուածներ (Եսայայ 52, 7.9-10) ''Տէրը  իր սուրբ բազուկը մերկացուց բոլոր ազգերուն աչքերուն առջեւ ու երկրին բոլոր ծայրերը մեր Աստուծոյն փրկութիւն պիտի տեսնեն'', հաստատելով թէ Մարգարէին խօսքերը կը հային խաղաղութեան հրաշքին զոր պատգամաւորը կ՛աւետէ հռչակելով Աստուծոյ Արքայութիւնը։

Աստուած արդարեւ իր ժողովուրդը չի լքեր ու թոյլ չի տար որ չարը յաղթէ, որովհետեւ Ան հաւատարիմ է ու անոր շնորհքը աւելի մեծ է մեղքէն։ Եւ Աստուծոյ ողորմութեան ու սիրոյ թագաւորութեան լիացումը կը յայտնուի Յիսուսի մէջ, ներումի ու խաղաղութեան թագաւորութեան մէջ, զոր մենք կը տօնախմբենք Սուրբ Ծնունդով եւ որ կ՛իրականանայ Սուրբ Զատկուան օրը, յարեց Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''Ասոնք են ահա մեր յոյսին պատճառները։ Երբ ամէն ինչ կը թուի բացասական ու փորձութիւնն ունինք ըսելու թէ ոչ մի բան իմաստ ունի, ահա կը հասնի Բարի Աւետիսը. Աստուած կու գայ իրականացնելու նորութիւն մը, կու գայ հաստատելու խաղաղութեան թագաւորութիւնը։ Չարը պիտի չի յաղթէ եւ յուսահատութիւնը յաղթահարուեցաւ''։

Մենք եւս, ըսաւ Քահանայապետը, Երուսաղէմի նման կանչուած ենք արթննալու, կանչուած ենք դառնալու յոյսի այրեր ու կիներ, համագործակցելով լուսաւոր այդ թագաւորութեան հետ որ սահմանուած է բոլորին։

Բարի լուրի պատգամը հրամայական է ու մենք եւս պատգամաւորին նման երթալու ենք դէպի լեռները, որովհետեւ Աշխարհը չի կրնար սպասել, մարդկութիւնը ծարաւն ու  քաղցն ունի արդարութեան, ճշմարտութեան եւ խաղաղութեան։

Ու տեսնելով Բեթղեհէմի փոքրիկ Մանուկը, աշխարհի մանուկները պիտի գիտնան թէ խոստումը կատարուած է ու պատգամը իրագործուած։

Մանուկի մը մէջ որ կարիքն ունի ամէն բանի ու զետեղուած է  մսուրի մը մէջ, կը գտնուի Աստուծոյ փրկարար զօրութիւնը։ Հարկաւոր է բանալ մեր սիրտը այդ սքանչելիքին դիմաց։ Ծննդեան սքանչելիքն է որուն մենք կը պատրաստուինք յոյսով, այս յիսնակաց շրջանի ընթացքին։

 

''Մանուկ Աստուծոյ մը անակնկալն է, աղքատ Աստուած մը. Տկար Աստուած մը, Աստուած մը որ իր մեծութիւնը կը թողու` որպէսզի մօտիկ ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին'' ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խորհրդածութիւնը  ապա զանազան լեզուներով ողջունեց սրահին մէջ գտնուող իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորները, յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, հրաւիրելով զանոնք խոկալու Յիսուսի մեզի հանդէպ ունեցած սիրոյ մասին, Քրիստոսի հետ միացած ընդունելու ցաւերն ու տառապները` վասն մեղաւորներու դարձին, ապա աղօթքի դիմելու` որպէսզի ընտանեկան կեանքը դառնայ քրիստոնէական կատարելութեան ճանապարհ։








All the contents on this site are copyrighted ©.