2016-12-14 10:04:00

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նախարար՝ Ռեքս Թիլլըրսըն


Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկրին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վստահեցաւ քարիւղի ամերիկեան հսկայ ընկերութեան` «Էքսոն Մոպիլ»-ի վարչական խորհուրդի նախագահ Ռեքս Թիլլըրսընի:

«Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ անցնող քանի մը օրուան ընթացքին հանրապետական եւ դեմոկրատական օրէնսդիրներ զգուշացուցած են, որ Թիլլըրսըն կրնայ մանրամասն քննութեան ենթարկուիլ Ռուսիոյ եւ անոր նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր երկու տասնամեակներու վրայ երկարող սերտ յարաբերութիւններուն համար:

Զինք այդ պաշտօնին վրայ հաստատելու համար քոնկրեսական լսումները պիտի կեդրոնանան իր ղեկավարած ընկերութեան Մոսկուայի հետ ունեցած առեւտրական գործառնութիւններուն վրայ: «Էքսոն Մոպիլ» ստորագրած է տասնեակ միլիառաւոր տոլարներու հասնող քարիւղի համաձայնագիրներ, որոնք կրնան գործադրուելու սկսիլ միայն եթէ Միացեալ Նահանգներ ջնջեն Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:

Բնիկ թեքսասցի 64-ամեայ Թիլլըրսըն կը ղեկավարէ «Էքսոն Մոպիլ»-ը, որ շուրջ 50 երկիրներու մէջ գործառնութիւններ ունի եւ առեւտուրի ընդլայնման համաձայնութիւններ գոյացուցած է Վենեզուելայի, Քաթարի, Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի եւ այլ շրջաններու հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.