2016-12-14 11:21:00

ՀՀ Սփիւռքի նախարարին հանդիպումը Լիբանանի Հայ Աւետարանական առաջնորդներուն հետ


ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին  Հայ աւետարանական համագումարներու կեդրոն` ՔՋԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւներուն, Կրթական խորհուրդին, վարժարաններու տնօրէններուն, ընկերային գործիչներուն եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախարարին կ՛ընկերակցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, դեսպանատան անձնակազմը:

ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ողջունեց նախարարը եւ կարգ մը նշումներ կատարեց ՔՋԱԿ-ի մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին, ուր հարիւրաւոր մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ հոգեպէս կը դաստիարակուին, յատկապէս ամառնային համագումարներու ընթացքին: Ապա ան շեշտեց սփիւռք-հայրենիք գործակցութեան ծիրին մէջ տարուած փոխադարձ գնահատելի աշխատանքը` ի նպաստ հայակերտումի: Իր կարգին ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան շնորհաւորեց նախարարը իր վերընտրուելուն առթիւ եւ բարձր գնահատեց անոր ունեցած դրական ներդրումը սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ: Վերապատուելին ընդգծեց քրիստոնեայ հայու ինքնութեան կարեւորութիւնը Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համար, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ:

Հրանոյշ Յակոբեան իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց ՔՋԱԿ-ի նման հաւաքատեղիի գոյութեան եւ առկայ գործածութեան համար:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱՀԱԵ Միութեան եւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, իրենց գործակցութեան եւ Հայաստանի հանդէպ ունեցած նուիրումին համար:

Ներկաներէն ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով, նախարարը լայնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ` սուրիահայերուն վիճակին, վիճակագրական տուեալներ յիշելով, ուրուագծեց անոնց թիւն ու կեանքի պայմանները, եւ շեշտեց յատկապէս Հայաստանի մէջ հալէպահայերու գործօն ներգործութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.