2016-12-14 09:40:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ «Ժամանց եւ զբօս»


Ամէն մարդ իրաւունք ունի հանգիստի: Հանգիստը սակայն, մրափին կամ գիշերուան քունին հետ չեն համեմատեր մարդիկ միայն, այլ՝ նաեւ զայն կ՛ընկալեն զբօսանքի ձեւով, որ պահուան մը համար զիրենք կը հեռացնէ իրենց տաղտկալի առօրեայէն: Աւանդական մամուլի էջերը ունին «ժամանց եւ զբօս» վերտառութեամբ սիւնակներ, որոնք մտաւոր աշխատանքէ ծանրաբեռն ուղեղներուն զբօսանք կը շնորհեն:

Ընդհանրապէս այնպէս կը կարծուի, թէ միայն բազմազբաղ մարդիկ զբօսանքի իրաւունք ունին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ոմանց կարծիքով միայն ուժի տէր մարդիկ բարկանալու իրաւունք ունին: Շատ սխալ են այս կարծիքները: Նախ, ամէն մարդ ալ զբօսնելու իրաւունք ունի, չնայած այն իրողութեան, որ ոմանք մի՛շտ զբօսանքի մէջ են, իրենց ամբո՛ղջ կեանքի տեւողութեան…

Երկրորդ, նոյնիսկ ամէնէն փոքր մուկն իսկ կատղելու իրաւունք ունի, եւ տեսնուած է, թէ ինչպէս իր կատաղութեան ընթացքին ահագին ծվծվոցներով իր հակառակորդին դէմ կռիւ կը մղէ փոքրիկ ու աննշան մուկը:

Զբօսանքի ձեւերը եւ տեսակները կը տարբերին իրարմէ. Հանգիստն ու զբօսանքը վայելքի կը վերածուին իսկապէս, եթէ կարենայ մարդ ամբողջովին մոռնալ այն մտահոգութիւնները, որոնք իր առօրեային մաս կը կազմեն:

Ուրեմն, ամէն մարդ իրաւունք ունի զբօսնելու, եւ ո՛չ թէ միայն բազմազբաղ մարդիկ: Այս բոլորին մէջ, սակայն, ո՞ւր է տեղը յիմարներուն: Անոնք ալ իրաւունք ունի՞ն արդեօք զբօսնելու: Աշխարհի մայթերը լեցուն են յիմարներով, որոնք պարսպապատ մասնաւոր հիմնարկութիւններու դարպասներէն դուրս՝ ազատութեան մէջ կ՛ապրին: Անոնց համար չկան պատասխանատուներ, որոնք զբօսնելու ժամ որոշեն: Անգործներն ալ կարելի է շարել շարքին յաւիտենապէս զբօսնելու ախորժակ ունեցողներուն, որոնց կարեւոր գործերէն է անշուշտ՝ ուրիշի գործին խառնուիլը: Սակայն, այս բոլորէն տարբեր են յիմարները, որոնք իրենց վերապահած են զբօսնելու յատուկ միջոց մը:

Յիմարներուն ժամանցը վիճաբանութիւնն է: Վստահաբար հանդիպած էք այնպիսի անձերու, որոնք անիմաստ վիճաբանութենէ հաճոյք կ՛առնեն: Վիճաբանութեան սէր ունեցող յիմարները միշտ ներկային կառչած եւ ապագան չտեսնող անձեր են: Իրենց ունեցած գիտելիքներուն մասին բացարձակ վստահութեամբ լեցուած, անցեալի եւ ներկայի միջեւ կ՛երթեւեկեն անոնք, ապագայի մասին ո՛չ մէկ տեսլական ունենալով իրենց միտքին մէջ: Մինչ, վիճաբանութենէ հեռու մնացողները, իրենց միտքի հորիզոնը ընդարձակելով, կը նային ապագային: Անցեալի եւ ներկայի նեղ պարունակը, միտքի լայն հորիզոն ունեցողին համար ճահիճ մըն է, որուն ջուրը ուշ կամ կանուխ պիտի նեխի, իր մէջ ջրամոյն ընելով դատարկապորտ վիճաբանողները:

Վիճաբանութիւնը զբօսանք համարող յիմարներ, ցարդ իրենց «զբօսանքէն չեն վերադարձած»: Այսինքն՝ անոնք լուծումի մը չեն յանգած, հակառակ երկար վիճաբանութիւններու եւ ժամավաճառութեան: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ուրիշ ունակութիւն մըն ալ ունին վիճաբանութեան ախտով վարակուածները: Վիճաբանողը կը կարծէ, թէ ճշմարտութեան պիտի հասնի, եթէ շատ խօսքեր շարէ իրարու ետեւէ: Ճշմարտութիւնը մէկ նախադասութեամբ ու նոյնիսկ մէկ բառով ալ կարելի է ըսել… Այդ կարճ բառերէն օրինակներ են պարզապէս «այո»ն ու «ո»չը: Սակայն վիճաբանելու «շնորհք» ունեցողը այսպիսի բառեր գործածելու շնորհքէն զուրկ էակ մըն է:

Յիմարներուն կողմէ վայելք համարուող այս զբօսանքը՝ վիճաբանութիւնը, հաստատակամ ու գործունեայ մարդոց համար աւելի՛ քան ժամավաճառութիւն է, որուն փոխարէն դրական աշխատանքով մեծ իրագործումներ կրնան կտակել յաջորդ սերունդներուն:

Գրիգոր Եպիսկոպոս Չիֆթճեան








All the contents on this site are copyrighted ©.