2016-12-14 11:41:00

Թուրքիան բանտարկուած լրագրողներու թիւով աշխարհի մէջ առաջինն է


Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն (CPJ-ԼՊԿ) 2016 թուականի համար հրապարակած է լրագրողները ամենաշատ բանտարկող երկիրներու վերաբերեալ զեկոյց, ըստ որուն` բանտարկուած լրագրողներու ընդհանուր թիւը աշխարհի մէջ այս պահուն կը հասնի 259-ի:

«Էրմենիհապեր»-ը, վկայակոչելով թրքական «Hurriyet» թերթը, կը գրէ,  բանտարկած 81 լրագրողներու թիւով աշխարհի մէջ  բացարձակ առաջատարը Թուրքիան է: Մինչեւ հիմա որեւէ երկրի մէջ այսպիսի մեծ թիւով լրագրողներ բանտարկուած չեն եղած:

Հրապարակուած զեկոյցէն պարզ  կը դառնայ, որ ազատազրկուած լրագրողներու թիւով Թուրքիոյ կը յաջորդէ Չինաստանը` (38): Վատագոյն եռեակը  բանտարկուած 25 լրագրողով կ՛եզրափակէ Եգիպտոսը: 4-րդ եւ 5-րդ տեղերը կը զբաղեցնեն համապատասխանաբար Էրիթրէան եւ Եթովպիան:

Նախորդ տարի առաջին հնգեակին մէջ եղած Իրանը այս տարի բարելաւած է իր դիրքերը:

Զեկոյցին` Թուրքիոյ վերաբերող մասին մէջ ըսուած է, որ 2016-ի Յունուար 1-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1 այդ երկրի մամուլի վրայ գործադրուած է աննախադէպ ճնշում, որուն հետեւանքով աւելի քան 100 լրատուական օրգաններ փակուած են, իսկ առնուազն 81 լրագրողներ դատապարտուած են պետութեան դէմ գործած յանցագործութիւններու յօդուածով: Կը նշուի նաեւ, որ մամուլի վրայ ճնշումները սաստկացած է յատկապէս Յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք:








All the contents on this site are copyrighted ©.