2016-12-14 09:55:00

3.7 միլիոն տոլար՝ ի նպաստ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին


Դեկտեմբեր 11-ին տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Մանուկներ» հիմնադրամի տարեական 12րդ դրամահաւաքի ձեռնարկը, որուն ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել 3.7 միլիոն տոլարի հասնող նուիրատուութեանց խոստումներ, որոնք նոր խթան պիտի հանդիսանան նշեալ կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանի մանուկներուն տրամադրուող բարեսիրական սպասարկութիւններու ընդարձակման գործին։

Ըստ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ ձեռնարկին ընթացքին, «Օսքար» մրցանակի արժանացած դերասան Լիոնարտօ Տիքափրիօ եւս նուիրատուութիւն մը կատարած է՝ կը հաղորդէ «Արեւելխ»ը, մէջբերելով  հիմնադրամի նախկին աշխատակից Սերոբ Խաչատրեանի վկայութիւնը:

«Տիքափրիօն լսել է քարակերտցի դպրոցական Խանում Գէորգեանի ելոյթն՝ անգլերէնով: Խանումը պատմել է Հայաստանի, իր ազատամարտիկ հօր եւ այլ թեմաների մասին: Կարօ Արմէնի («Հայաստանի Մանուկներ» հիմնադրամի նախագահ) եւ իր համախոհների ջանքերի շնորհիւ, բազմաթիւ այլազգի մարդիկ, այս տարիների ընթացքում, զգալի գումարներ են նուիրաբերել Հայաստանի գիւղերին», աւելցուցած է Սերոբ Խաչատրեան:

Այս տարուան գումարը գլխաւորաբար պիտի տրամադրուի Լոռի մարզին մէջ կառուցուղ SMART կեդրոնի հաստատման ջանքերուն։ Կեդրոնը պիտի հանդիսանայ շրջանի երեխաներուն դաստիարակչական արդի սպասարկութիւններ մատուցող հաստատութիւն մը, ուր պիտի տրամադրուին անգլերէնի, արհեստագիտութեան, արուեստի, երաժշտութեան, առողջապահութեան, մարմնամարզի եւ արդի հողագործութեան դասընթացքներ։

Այս տարուան ձեռնարկին, կազմակերպութեան «Սերունդ մը Փրկէ» մրցանակը շնորհուեցաւ Նուպար Աֆէյեանին, որ երկար տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնի այս կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրագործուող բարեսիրական այլ նախաձեռնութիւններու։








All the contents on this site are copyrighted ©.