2016-12-13 13:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 13 դեկտեմբերի քարոզը՝՝Կղերապաշտութիւնը չարիք մըն է՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 13 դեկտեմեժրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը  նշէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 47-րդ ամեակը։ Այս առթիւ Վատիկանի Տոմուս Սանթա մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին, ներկայ գտնուեցան նաեւ Սրբազան Հօր խորհրդատու ինը կարդինալները,  որոնք այս օրերուն կը մասնակցին Խորհուրդի 17-րդ նիստին։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը  խօսքը կեդրոնացուց կղերապաշտութեան ու անորմէ յառաջացած չարիքներուն  վրայ, որոնց  թիրախն է հաւատացեալ ժողովուրդը։   Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն , ուր կը խօսուի քահանաներու ու դպիրներուն  մասին, Սրբազան Հայրը շեշտ դրաւ քահանաներու դերակատարութեան վրայ,   յարելով թէ անոնք ունէին դատական, բարոյական եւ կրօնական իշխանութիւն, եւ ամէն ինչ որոշողները իրենք էին։

Նորին Սրբութիւնը նշեց Աննա եւ Կայիափան, որոնք դատապարտեցին Յիսուսը եւ որոշում առին սպաննելու Ղազարոսը։ Նշեց Յուդայի քահանաներուն  հետ  Յիսուսի յանձնումի ''սակարութիւնը''։ Քահանաները եղան օրէնքը  շահագործողները  իրենց կերպով մեկնաբանելով  ու մոռնալով  Տիրոջ հօր Աբրահամի յանձնուած առաջին պատոււրանը. ՝՝Քալէ իմ ներկայութեանս մէջ եւ եղիր անբասիր։՝՝

''Քահանաները մոռցած էին  Մովսէսի 10 պատուիրանները՝ իրենց կողմէ հաստատուած օրէնքով'' ջնջեցին Տիրոջ օրէնքը  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց.   թէ այսօր եւս այդ ժամանակուայ նման, Քահանաներու զոհը, որ եղած էր Յիսուս, հեզ եւ աղքատ ժողովուրդն է , որ կը վստահի Տիրոջ, անոնք որոնք անտեսուած են, որոնք գիտեն ապաշխարել ու կը տառապին անարդարութիւններու հետեւանքով։  Անոնք իրենք զիրենք կը զգան շահագործուած այն անձերէն որոնք իրենց զիրենք  սնապարծ ու հպարտ կը զգան։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով դարձեալ Յուդային ու անոր ապաշխարութեան հակառակ որ Յիսուսը մատնած էր  ըսաւ թէ  Քահանաները, կրօնքի մտաւորականներ էին, ունէին իշխանութիւն, եւ յառաջ կը տանէին ժողովուրդին վարդապետութիւնը՝ բարոյականութեամբ մը` շինուած իրենց իմացականութեան վրայ եւ ոչ թէ Աստուծոյ Յայտնութեան  վրայ։

Այսօր եւս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, այսպիսի քահանաներու կողմէ խարազանուած եւ հեզաբարոյ ժողովուրդ կայ։ Կղերականներ որոնք իրենք զիրենք գերազանց կը նկատեն, կը հեռանան ժողովուրդէն, եւ ժամանակ չունին անսալու աղքատներու, տառապողներու եւ հիւանդներու ու բանտարկեալներուն ձայնին։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ կղերապաշտութիւնը չարիք մըն է ու թէ այդ չարիքին զոհը հաւատացեալ ժողովուրդն է։ Հեզ ու խոնահէ ժողովուրդը որ կը սպասէ Տէրը։ Հայր Աստուած  ուզեց մեզի մօտենալ, իր Միածին Որդին առաքեց։Մենք կը սպասենք ուրախութեամբ Յիսուսի փառաւոր գալստեան որ չի հպատակեցաւ այդ քահանաներու սկզբունքներուն այլ գնաց հիւանդները, աղքատները, մեկուսացաեալները ու մեղաւորները այցելելու։

՝՝Այսօր եւս Յիսուս մեզի բոլորիս ինչպէս նաեւ կղերապաշտութենէն հրապուրուած անձերուն կ՝ըսէ, ''մեղաւորներն ու պոռնիկները երկնքի արքայութեան մէջ   պիտի կանխեն ձեզ''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.