2016-12-13 10:19:00

Եւրոպական միութիւն-Քուպա յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիր


Եւրոպական Միութիւնն ու Քուպան համաձայնագիր ստորագրած են յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին:

Քաղաքական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիրի ստորագրման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարներու` Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումի ծիրին մէջ, փաստաթուղթին տակ ստորագրած են Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին եւ Քուպայի արտաքին գործոց նախարար Պրունօ Ռոտրիկեզ Փարիլիան:

«Եւրոպական Միութեան եւ Քուպայի միջեւ պատմութեան մէջ առաջին համաձայնագիրը կը ներկայացնէ երկկողմանի յարաբերութիւններու հիմքը: Անիկա կը նախատեսէ ուժեղացուած քաղաքական երկխօսութիւն, բարելաւուած երկկողմանի համագործակցութիւն եւ միացեալ գործողութիւններ բազմակողմ հարցերու մէջ», նախապէս յայտնած է Եւրոպական խորհուրդը:

Փաստաթուղթը ստորագրելու որոշումը Եւրոպական խորհուրդին կողմէ որդեգրուած էր 6 դեկտեմբերին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.