2016-12-13 09:51:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս կը դատապարտէ Ղպտի եկեղեցւոյ դէմ ուղղուած ահաբեկչական արարքը


Ղպտի եկեղեցւոյ Թէոդորոս պատրիարքին ուղղուած նամակով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խիստ կերպով դատապարտեց կիրակի առաւօտ Գահիրէի ղպտի եկեղեցւոյ դէմ իրագործուած ահաբեկչական արարքը, որուն զոհ գացին աւելի քան 30 ղպտի քրիստոնեայ հաւատացեալներ: Իր նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ահաբեկչութիւնը, որուն դէմ որ ուղղուած ըլլայ անիկա, դատապարտելի է, եւ ո՛չ մէկ կրօնի համար ընդունելի են նման ոճիրներ: Նման դէպքերը Աստուծոյ առջեւ աններելի են:

Ապա, վեհափառ հայրապետը ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքին յայտնեց իր ցաւակցութիւնները եւ զոհերու ու վիրաւորներու ընտանիքներուն հայցեց Աստուծոյ մխիթարութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ նման դատապարտելի արարքներ կարելի է յաղթահարել կրօններու ու ազգերու միջեւ փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութեամբ ու գործակցութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.