2016-12-12 09:30:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 12 դեկտեմբերի գործունէութիւնը:


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 12 դեկտեմբերին կը նշուի Լատին Ամերիկայի պաշտպան սրբուհի Կուատալուփի Տիրամօր Տօնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­ երեկոյեան 6-ին Սուրբ Պետրոսի մայր Տաճարին մէջ, երրորդ տարուան համար, կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որմէ առաջ նախատեսուած Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի ջերմեռանդ երկիրներու դրօշներու թափօրը։

Իսկ առաւօտեան, եւ յաջորդ երկու օրերու ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ինը Կարդինալներու խորհուրդի 17-րդ հաւաքին, որ տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի մէջ` 12-14 դեկտեմբերին եւ որուն ընթացքին ժողովականները կը քննարկեն Եկեղեցւոյ ու Վատիկանի հայող բարեկարգումներու գործընթացը, որ սկիզբ առած է Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրուելէն անմիջապէս ետք։

Ինը Կարդինալներու խորհուրդը իր առաջին ժողովը գումարած էր` 1-3 հոկտեմբեր 2013-ին։ Անոր պարտականութիւնն է օգնել Ֆրանչիսկոս Պապին իր առաքելութեան ծանր պատասխանատուութիւնը լաւապէս կատարելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.