2016-12-12 10:07:00

Փալմիրան կրկին անգամ ինկաւ


Սուրիական իշխանութիւնները հաստատած են զինեալ խմբաւորումներու կողմէն Փալմիրա քաղաքի նուաճումը: Վկայակոչելով BBC-ն՝ Civilnet.am-ը կը հաղորդէ, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարութիւնը կը խոստանայ հնարաւոր ամէն ինչ ընել, ճիհատականները հնագոյն քաղաքէն դուրս մղելու համար:

Հոմսի նահանգապետ Թալալ Պարազին յայտարարած է, որ զինեալներուն օգնութեան հասած են ստորաբաժանումներ Ռաքքայէն եւ Տէր Զօրէն:

Shamfm.fm ռատիոկայանին հաղորդած տեղեըութիւններով՝ նահանգապետը նաեւ տեղեկացուցած է, որ Փալմիրայէն նահանջելէ առաջ՝ սուրիական զօրքերը տարհանած են բնակչութեան մօտ 80 տոկոսը: Անոր խօսքով` ներկայիս սուրիական բանակի եւ զինեալներու միջեւ կ՝ընթանան կատաղի մարտեր` դէպի Հոմս վերջիններուս յառաջխաղացումը կանխելու համար: Պարազին համոզմունք յայտնած է, որ քաղաքը շուտով պիտի ազատագրուի:

Իսլամական պետութեան կողմէն Փալմիրայի պաշարումը սկսած էր Ուրբաթ օրը, անոր մասնակցած է 4 հազ․ զինեալ: Ըստ դիտորդական հաղորդագրութիւններու` իսլամիստները օգտագործած են հրետանի եւ ականապատուած ինքնաշարժներ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ սուրիական կառավարական ուժերը, ռուսական օդուժին օգնութեամբ, զինեալներու դիրքերուն հասցուցած են 64 հարուած, սպաննուած է աւելի քան 300 ահաբեկիչ:

«Իսլամական պետութիւնը» Փալմիրան կը դիտարկէ իբրեւ ռազմավարական յենակէտ, որ մօտ է քարիւղի հանքավայրերուն:

Նշենք, որ Փալմիրան ներգրաւուած է UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ՝ իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի ամենայայտնի ճարտարապետական համալիրներէն մէկը: Ահաբեկիչները քաղաքը առաջին անգամ գրաւած էին 2015 Մայիսին` սպաննելով աւելի քան 400 խաղաղ բնակիչ:

Տասը ամիսներու ընթացքին՝ ահաբեկիչները ոչնչացուցած էին հնագոյն բազմաթիւ յուշարձաններ։

2016 Մարտին քաղաքը ազատագրուած էր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.