2016-12-12 12:07:00

Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ իւրաքանչիւր 5 մանուկներէն մին կարիք ունի անմիջական խնամքի։


(Ռատիօ Վատիկան) UNICEF-ի հիմնադրութեան 70 ամեակին առիթով` 11 դեկտեմբեր 2016-ին, հրապարակուած է տեղեկագիր մը , որուն մէջ   ներկայացուած է  աշխարհի մէջ տառապող  եւ աղէտալի վիճակի մէջ գտնուող  մանունկներու հաշուեկշիռը։ 
Տեղեկագիրին մէջ նշուած է թէ Միջին արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ  ամէն 5 մանուկներէն մէկը` կարիքը ունի անմիջական  մարդկային խնամակալութեան։
Աշխարհի մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններու,  աղքատութեան  ինչպէս նաեւ բռնի տեղահանութեան պատճառաւ, ստեղծուած են մանուկներուն համար տաժանելի եւ անյարմար պայմաններ։ Այս մանուկներուն թիւը կը գերազանցէ 29 միլիոնը։ 

 Սուրիոյ մէջ կը հաշուի թէ 8.4 միլիոն Սուրիացի մանուկներ անմիջական  կարիքն ունին մարդկային խնամակալութեան՝ կերակուրի, ջուրի եւ բնակարանի. 2012 թուականի համեմատութեամբ  անոնց թիւը աճած է 500,000-ով։
UNICEF-ի հաշուեկշիռին մէջ ներկայացուած է. թէ Եամանի մէջ 10 միլոն  մանուկները թիրախ են հակամարտութիւններուն եւ կը գտնուին աղէտալի պայմաններուն մէջ,  եւ անոնցմէ 40000-ը կը տառապին  վատ սննդառութենէ։ 
Ինչ կը հայի Իրաքի մանուկներուն իրավիճակին, տեղեկագիրն մէջ նշուած է ,թէ  1 յունուար 2016 էն մինչեւ օրս , Իրաքին մէջ արձանագրուած է  շուրջ 400 մանուկներու իրաւունքներուն խախտում .  ապա՝ Մոսուլ քաղաքին ազատագրման գործընթացքին հետեւանքով տեղահանուած են 74000 մարդ, որուն մեծամասնութիւնը մանուկներ են։ 
Սուտանի, Լիպիոյ եւ Պաղեսինտի մէջ հակամարտութիւններուն հետեւանքով իրենց օճախներէն եւ դպրոցներէն հեռացուած  են միլիոնաւոր մանուկներ։
UNICEF- տեղեկագիրին աւարտին  նշած է,  թէ կազամակերպութեան 70 ամեակին առիթով,,  յիշեալ  տխուր տուեալները պէտք է  բոլոր  աշխարհին համար  ահազանգ համարուին , աւելիով աշխատելու, որպէսզի համայն միջին արեւլքին եւ Հարաւային Ափրիկէ տարածաշրջանին մէջ իւրաքանչիւր մանուկ կարենայ գոյատեւել եւ աճիլ ու յարգուին անոնց  հիմնական իրաւունքները։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.