2016-12-11 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Հալէպի բնակչութեան ի խնդիր։ Աղօթքով մօտիկ եմ ձեզի. Ոչ պատերազմին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ամէն օր մօտիկ եմ Հալէպի բնակչութեան, մանաւանդ աղօթքով։ Պէտք չէ մոռնանք որ Հալէպը քաղաք մըն է եւ թէ այնտեղ մարդիկ կ՛ապրին. Ընտանիքներ, մանուկներ, տարեցներ, հիւանդներ…դժբախտաբար մենք վարժ դարձանք պատերազմին, կործանումին, սակայն պէտք չէ մոռնանք որ Սուրիան պատմութեամբ, մշակոյթով եւ հաւատքով լի երկիր մըն է։ Չենք կրնար ընդունիլ որ այս բոլորը ժխտուին պատերազմի պատճառով` որ է չարաշահումի ու կեղծիքներու կոյտ մը։

Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին յանձնառումին, որպէսի քաղաքակրթութեան ընտրանք կատարուի. Ոչ կործանումին այո՛ խաղաղութեան, այո՛ Հալէպի եւ Սուրիոյ բնակչութեան։

''Աղօթենք նաեւ վերջին ժամերուն զանազան երկիները հարուածող ահաբեկչական արարքներու բոլոր զոհերուն համար'' հրաւէր ուղղեց ապա Քահանայապետը հաստատելով թէ ''վայրերը տարբեր են սակայն դժբախտաբար մի է բռնութիւնը որ մահ ու կործանում կը սերմանէ'' ու թէ միակ է ասոր պատասխանը ''Հաւատք Աստուծոյ մէջ ու միասնութիւն մարդկային ու քաղաքակիրթ արժէքներու մէջ''։ Ան ապա մօտիկութեան յատուկ արտայայտութիւն ուեզց ցուցաբերել իր սիրելի եղբօր Թաուատրոս Պատրիարքին ու անոր հասարակութեան համար աղօթելով զոհերուն ու վիրաւորներուն համար։ 

Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչը, ուղղուած` կիրակի 11 դեկտեմբեր 2016-ին,  իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին,  որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը  վերյիշեց Լաոսի մէջ Երանելի հռչակուած Հայր Մարիօ Պործական եւ Փաոլօ Թոյ  Իքսեուճը ու անոնց 14 ընկերները որոնք նահատակուեցան վասն հաւատքի ու քաջալերեց միսիոնար առաքեալներն ու կրօնուսոյցները հետեւելու այս նոր երանելիներու օրինակին, գնահատելով անոնց աշխատանքն ու նուիրումի յանձնառումը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն ու յատկապէս մանուկներուն եւ երախաներուն որոնք աւանդութեան համաձայն, ըստ լատինաց Յիսնակացի երրորդ կիրակի օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակ կը ժամանեն իրենց հետ բերելով Յիսուս Մանուկի արձանիկը, որպէսզի զայն օրհնել տան Սրբազան Քահանայապետէն։

''Սիրելի երիտասարդներ երբ ձեր ծնողներուն հետ միասին աղօթէք ձեր մսուրներուն առջեւ  խնդրեցէք Յիսուս Մանուկէն որպէսզի մեզ բոլորս օգնէ աւելիով սիրելու զԱաստուած ու մեր մերձաւորը'' յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ   խօսքը ուղղելով մանուկներուն ու անոնցմէ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել նաեւ իրեն համար­, ինչպէս ինք եւս չի մոռնար զիրենք։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.