2016-12-10 12:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Փուլիա մարզի Պիոս ԺԱ դպրեվանքի նորընծաներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 10 դեկտեմբերին, կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց  եւ գրաւոր պատգամ յանձնեց Իտալիոյ Փուլիա մարզի Պիոս ԺԱ. անուան դպրեվանքի 310 անդամներէն բաղկացած հասարակութեան։  

Գրաւոր Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը իր խօսքը կեդրոնացուց քահանաներուն խորհուրդին եւ ինքնութեան նիւթին վրայ։

Քահանայական խորհուրդը նկարագրեց որպէս երեք պատականելիութիւն ունեցող խորհուրդ՝  Տիրոջ, Եկեղեցւոյ եւ Արքայութեան, եւ ընդգծեց որ այս պատկանելիութիւնը , բնականաբար յանկարծական որոշում մը չէ, ոչ իսկ կը ծնի քահանայութեան ձեռնադրութենէն ետք, եթէ ոչ՝ անիկա մշակուած, պահպանուած, ուշադրութեամբ աճած չ՝ըլլայ  դպրեվանքի տարիներուն ։

Սրբազան Հայրը ապա շեշտը դրաւ  “պատկանելիութիւն” բառին վրայ, նկատել տալով թէ անիկա  ինքնիր մէջ կ՝ընդգրկէ ամբողջութեան մը մաս կազմելու գաղափարը։ Լոկ եթէ մենք մեզ մասնիկ  զգանք Քրիստոսի, եկեղեցւոյ եւ Արքայութեան, այն ժամանակն է որ  պիտի լաւ ընթանանք դպրեվանքի տարիներուն։  

Այս կատարելու համար, Սրբազան Հայրը նախ զգուշացուց ինքնասէր ըլլալէ, որ ամենէն վտանգաւոր  փորձութիւնն է։ Կարելի չէ անդրադառնալ Քրիստոսին, համտեսել եկեղեցւոյ շքեղութիւնը, եթէ  իմ միակ մտահոգութիւնս իմ անձս փրկելն է։ Ինչպէ՞ս կրնամ խանդավառուիլ Աստուծոյ Արքայութեան կառուցումի դէպքէն, եթէ ամէն խանդաղատանք, խանդավառութիւն կը կասի բան մը կորսնցնելու մտավախութենէն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա յորդորեց  նորընծաները,  յիսնակացի շրջանին,  ուժեղ հսկել ինքնասիրութեան վտանգին վրայ, որովհետեւ առանց այս հսկողութեան, ոչ մէկ կոչումի ուղեւորութիւն կ’իրականանայ։

Շարունակելով խօսքը պատկանելիութեան մասին Սրբազան Հայրը ըսաւ , թէ ան կը նշանակէ նաեւ գիտնալ յարաբերութեան մէջ մտնել. ըլլալ յարաբերութեան մարդ։ Քրիստոսի եւ եղբայրներուն  հետ,  որոնց հետ կը բաժնեկցինք հաւատքի խորհուրհդը ինչպէս նեաւ բոլոր այն անձերուն հետ, որոնց կը հանդիպինիք մեր կեանքին մէջ։

Գիտնալ լաւ ապրիլ յարաբերութիւնները, կը սկսի դպրեվանքին մէջ, ըսաւ Սրբազան հայրը եւ այս առումով յորդորեց որ այս ըլլայ  կազմաւորման առաջին կէտնպատակը դպրեվանքին տարիներուն։  

Ֆրանչիկոս Պապ յորդորեց  նորընծաները, տարեկիցներուն միջեւ ինքզինք լաւագոյն չնկատել,  եւ սորվիլ  ապրիլ բոլորին հետ.  առանց վախնալու իրենց ձեռքերը աղտոտելու։    

՝՝Եթէ՝ վաղը, քահանաներ պիտի դառնանք, որ կ՝ապրին Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին միջեւ, այսօր սկսեցէք երիտասարդներ ըլլալ, որ գիտեն ապրիլ բոլորին հետ, եւ գիտեն բան մը սորվիլ իւրաքանչիւր անձէ  որ կը հանդիպի,  պարզութեամբ եւ խոհեմութեամբ։։

Բոլոր յարաբերութիւններուն արմատին մէջ  թող գտնուի Քրիստոսի հետ յարաբերութիւնը, եւ վայրը որուն մէջ կ՝աճի Քրիստոսի հետ յարաբերութիւնը՝ աղօթքն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը, աւեցնելով թէ հասուն աղօթքի արդիւնք է միշտ եղբայրսիրութիւնը՝՝։

Վերջապէս, նկատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, այն անհատը որ Քրիստոսի կը պատկանի, չի կրնար ուրիշները մերժել, կամ լուսանցքի վրայ ձգել։ Քրիստոսի պատկանելիութիւնը կը պահանջէ ուրիշին ընդառաջել եւ կարեւոր տեղ տալ. օգնել՝ որպէսզի ինքզինք զգայ իբր մաս հասարակութեան։ Նորընծաները ձեռք-ձեռքի պիտի աճին իրենց պատկանելիութեան մէջ։ “Եթէ կեանքի մէջ ոչ մէկ բան կրնայ մեզ Տիրոջ ողորմած հայեացքէն դուրս ձգել, ինչու´ ուրեմն մեր հայեացքը որեւէ մէկը դուրս պիտի ձգէ”, ըսաւ Սրբազան Հայրը։ 

Խօսքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ապհովցուց իր աղօթքը եւ ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.