2016-12-10 09:55:00

Սերժ Սարգսեան Արցախի մէջ այցելած Է պաշտպանութեան բանակի զօրամասեր


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութեան երկրորդ օրը` 9 դեկտեմբերին, Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարներուն եւ բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելած է Արցախի հարաւային եւ հարաւարեւելեան շարք մը զօրամասեր:

Պաշտպանական դիրքերէն մէկուն մէջ նախագահները ունկնդրած են հրամանատարին զեկուցումը, հետեւած մարտական ծառայութեան իրականացման, ծանօթացած պաշտպանական համակարգի ամրապնդման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն:

Նախագահները տեղւոյն վրայ քննարկած են զօրքերու պատրաստուածութեան առնչուող խնդիրներ, տուած համապատասխան յանձնարարականներ: Հայաստանի նախագահը պարգեւատրած է զօրամասի լաւագոյն սպաները, պայմանագրային եւ ժամկէտային զինուորները` բարեխիղճ եւ գերազանց ծառայութեան համար:

Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած բացառիկ խիզախութեան, անձնուրաց քաջութեան եւ անմնացորդ նուիրումի համար թիւ N զօրամասի հրամանատար, փոխգնդապետ Արամ Հայրեան Հայաստանի նախագահին կողմէ ստացած է «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշան:

Նախագահ Սարգսեան ներկայ գտնուած է նաեւ սպաներուն համար կառուցուած բազմաբնակարան շէնքի եւ երկու զօրանոցի  բացման արարողութիւններուն, ծանօթացած սպաներու բնակարանային պայմաններուն եւ բնակարանամուտին առիթով շնորհաւորած զանոնք:

Հայաստանի նախագահը նաեւ խրախուսական նուէրներ յանձնած է ծառայութեան ընթացքին ուշադրութիւն գրաւած զինուորներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.