2016-12-10 10:16:00

Սուրբ Պետրոսի Ս. Ծննդեան մսուրին ու տօնածառին բացման հանդիսաւոր արարողութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) 25 մեթր երկարութեամբ եղեւնիի ծառը ժամանած Իտալիոյ Թրենթինօ շրջանէն ու զարդարուած հիւանդ երախաներու ձեռագործերով, ապա մսուր մը` նուիրուած Մալթայի հանրապետութենէն ու եկեղեցիէն եւ օժտուած Մալթայի աւանդութիւնը խորհրդանշող 17 կերպարներով ու Մալթական ''Լուցցու'' նաւակով որ կը պատկերացնէ գաղթականներու ողբերգութիւնը։ Ասոնք են Սուրբ Պետրոսի հրապարակի 2016-ի Սուրբ Ծննդեան տօնին խորհրդանիշերը, որոնց բացումը կատարեց, Վատիկանի Քաղաքապետարանի նախագահ` Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլօ, ուրբաթ 9 դեկտեմբերի յետմիջօրէին­, վերոնշեալ մսուրին ու տօնածառին նուիրատուներու ներկայութեամբ։

Մսուրն ու տօնածառը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ պիտի մնան մինչեւ յառաջիկայ 8 Յունուար 2017։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.