2016-12-09 11:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապ մասնակցեցաւ Յիսնակացի խորհրդածութիւններու երկրորդ նիստին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ` 9 դեկտեմբեր 2016-ին, Վատիկանի  Ռետեմթորիս Մաթեր մատրան մէջ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան,  Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ, ներկայացուց յիսնակաց շրջանի երկրորդ խորհրդածութիւնը` որուն կեդրոնական նիւթը հանդիսացաւ ''Սուրբ հոգին եւ զատորոշումի խարիզմը''։

Խորհրդածութեան նիստի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սպանիայի Փամփլոնա թեմին երբեմնի արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Ֆերնանտ­­օ Սեպասթեան Ակիլարը, որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Փրուսիայի գահաժառանգ իշխան` վսեմաշուք Օսքարին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան, հուսկ ժամը 11,30-ին Նորին Սրբութիւնը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած տօնածառն ու Սուրբ մսուրը նուիրող բարերարներու եւ պատկան իշխանութիւններուն հետ, որոնք ժամանած էին Իտալիոյ Թրենթօ ինքնավար մարզէն` որպէս տօնածառի նուիրատուներ եւ Մալթայէն որպէս Սուրբ Մսուրի նուիրատուներ։

Յայտնենք թէ Սուրբ Պետրոսի տօնածառի եւ Սուրբ Մսուրի պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` ուրբաթ 9 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամ 4,30-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.