2016-12-09 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Ծննդեան տօնածառի եւ մսուրի նուիրատուները


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 9 դեկտեմբերին, ժամը 11,30ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց 1500 անդամներէ բաղկացած Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած Սուրբ  Ծննդեան տօնածառի եւ մսուրին նուիրատուներու պատուիրակութիւնը։

Այս առթիւ անոնց արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Մալթայի կառավարութեան եւ եպիսկոպոսներուն, որոնք նուիրած են մսուրը,   ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց  Սուրբ Ծննդեան հսկայ տօնածառի նուիրատու` Թրենթօ մարզի եկեղեցական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն եւ Foreste del Lagorai, անուան ընկերակցութեան։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ՝ յատուկ շխնորհակալական խօսք ուղղեց այն մանուկներուն, որոնք իրենց ձեռագործ աշխատանքով Սուրբ Ծննդեան տօնածառի  զարդարանքները իրականացուցած են, վայելելով    ''Lene Thun” հիմնարկութեան աջակցութիւնը։

՝՝Ձեր  կողմէ ստեղծուած գունաւոր ոլորտները կը պատկերացնեն կեանքի,  սիրոյ եւ խաղաղութեան արժանիքները,  որ Քրիստոս իր  Ծնունդով ամէն տարի կու գայ մեզի դարձեալ առաջարկելու համար զանոնք՝՝ ըսաւ  Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ նաեւ  ''Gozo Manwel Grech'' արուեստագէտի  կողմէ պատրաստուած մսուրին, որ կը պատկերացնէ Մալթայի բնութիւնը, ու Մալթայի աւանդութիւնը խորհրդանշող  խաչն ու նաւակ մը,  որ  ''յիշել կու տայ դէպի Իտալիա նաւաբեկող գաղթականներու տխուր եւ ողբերգական իրականութիւնը'' յարեց  Սրբազան Հայրը ու յայտնեց թէ  գաղթականներուն տաժանելի փորձառութիւնը մեզի տեսնել կու տան Յիսուս մանուկի փորձառութիւնը , որ Իր Ծնունդի  պահուն,  չգտաւ բնակարան  մը  եւ աշխարհ եկաւ Բեթղեհեմի քարայրին մէջ, ապա  Ան տեղահանութեան ենթարկուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ Եգիպտոս խոյս տալու համար  Հերովդէսի սպառնալիքէն։  Ոուստի՝ Սրբազան Հայրը յորդորեց  եւ հրաւիրեց  մսուրի  բոլոր այցելուները,  մսուրը այցելելով  վերագտնեն անոր խորհրդանշական  արժէքը`  եղբայրսիրութեան, բաժնեկցութեան, հիւրընկալութեան եւ աջակցութեան։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նկատել տուաւ նաեւ,  որ եկեղեցիներուն , տուներուն ու  հանրային վայրերուն մէջ տեղադրուած մսուրները,  հրաւէր մըն են մեր կեանքին եւ մեր ընկերութեան մէջ տեղ տալու   Աստուծոյ որ թաքնուած է աղքատութեան ու տառապանքի մէջ գտնուող անթիւ անձերուն դիմագիծին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Սուրբ Ծննդեան տօնածառին, որ բերուած է ՝՝Լակորա՝՝ լեռնային տարածքին գեղեցիկ եւ հմայիչ  անտառներէն,  նկատել տալով , որ այդ տարածաշրջանի գեղեցիկ բնութիւնը հրաւէր մըն է Արարչին մասին խոկալու եւ բնութիւնը յարգելու։

Խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ,''Մսուրն ու տօնածառը կը կազմեն յոյսի եւ սիրոյ պատգամ  մը ու  կ՝օժանդակեն ստեղծելու ծննդեան յարմար մթնոլորտ մը,  հաւատքով ապրելու համար Փրկչին Ծնունդին խորհուրդը, որ աշխարհ եկաւ պարզութեամբ եւ խոնարհութեամբ։

''Թոյլ տանք, մանուկներու հոգիով հմայուիլ մսուրին դիմաց, որովհետեւ այնտեղ կը հասկցուի Աստուծոյ բարութիւնը եւ կը  բացայայտուի Անոր Ողորմածութիւնը, որ մարմնացաւ մեր հայեացքը փափկացնելու  համար։

Սրբազան Հայրը մաղթելով  բոլորին Սուրբ Ծննդեան երջանիկ ու անդորր տօն, ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ապա բոլոր ներկաներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու իրենց երկիրներուն բնակչութեան վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.