2016-12-09 08:53:00

Տօն Անարատ Յղութեան Սրբոյ Կուսին Մարիամու (Ղուկաս. 1, 39 – 56)։


 Այսօր Հայոց Եկեղեցին մեծ շուքով եւ մեծ բարեպաշտութեամբ կը տօնէ Աստուածամօր նուիրուած տօներէն մին՝ Անարատ յղութիւնը:

Դարեր շարունակ, եկեղեցին նոյն դաւանանքը տուած է եւ պիտի շարունակէ տալ Աստուածամօր հանդէպ եւ պիտի շարունակէ կոչել զայն՝ անարատ, անբիծ, այսինքն՝ զերծ նոյնիսկ սկզբնական մեղքէն: Իր հարազատ օրինակը՝ անձնուիրումի ու հաւատարմութեան արարիչին  արժանացուց զինք երանելի հռչակուելու բոլոր ազգերէն:

Հմայուած անոր տեսիլքով, Մարիամի ոգեւորուած վանականը՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացի (951- 1003), կը կոչէր Աստուածամայրը շուշան եւ ծաղիկ դաշտերու: Դեռ աւելի շեշտը դնելով Աստուածամօր օրհնութեան եւ սրբութեան, Հայ եկեղեցին կը կոչէ Ս. Կոյս Մարիամը. «Միայն Օրհնեալ Սրբուհի»: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետը իր տեսութիւնը տալով Մարիամի անարատութեան ու սրբութեան մասին կ'ըսէր.« Ինչպէս որ Քրիստոս լի է սրբութեան բոյրով, այնպէս նաեւ Կոյսն ալ լի է Սուրբ հոգիով եւ զօրութեամբ բարձրեալին»:

Նոր Կտակարանին մէջ, դժբախտաբար բացակայ են վկայութիւնները Մարիամի մասին:  Մարիամի մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու համար, յաճախ կը դիմենք անվաւերական կոչուած գիրքերու, որոնք մտած են քրիստոնեայ մշակոյթին մէջ՝ ժողովուրդի բարեպաշտութենէն, երեւակայութիւններէն եւ դարձած են աւանդութիւններ: Անոնց մէջ ամէնէն հռչակաւորը՝ Յակոբի աւետարանն է, գրուած երկրորդ դարուն: Արդարեւ Յակոբոսի աւետարանին համաձայն, Մարիամի մայրն՝ Աննան ամուլ էր եւ զաւակ չէր ունեցած: Հրեշտակը կ’երեւի Յովակիմին՝ Աննայի ամուսինին եւ կ’աւետէ անոր զաւկի մը ծնունդը: Ինն ամիս ետք Աննա ծնունդ կու տայ աղջիկ մը, զոր կը կոչեն Մարիամ: Յովակիմ եւ Աննան, իրենց զաւկին ծնունդէն երեք տարիներ ետք, կը տանին զինք տաճար՝ ընծայելու բարձրեալին, ուր հոն կը կատարուի կուսութեան խոստումը: Հարկ է նաեւ նշել որ, Սուրբ Հոգիին դերը կուսական յղութեան մէջ շատ ազդեցիկ էր: « Եղաւ մայր ու մնաց կոյս»: Այս է ինչ որ կը վկայեն երկու աւետարանիչները՝ Մատթէոս եւ Ղուկաս: Սակայն Ղուկասի դաւանութիւնը աւելի համոզելի կը դառնայ երբ իր Աւետարանի նախաբանին մէջ կը գրէ թէ ինք պիտի ներկայացնէ դէպքերը ինչպէս որ զանոնք քաղած է ականատես վկաներէ: Ականատես վկաներէն մէկն էր անշուշտ նոյն ինքն Աստուածամայրը: Հետեւաբար, Ղուկաս հիմնուած վկայութիւններու վրայ կը հաստատէ անարատ կուսութիւնը Մարիամին:

Ի տես տրուած վկայութիւններուն,  մեր հաւատքի դաւանութիւնը վկայենք Աստուածամօր հանդէպ,  ինչպէս կը հաստատենք Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը: Առ այդ, եւ որպէս հարազատ որդիներ Ս. կոյսին սրտին, յարգանքի եւ սիրոյ բացառիկ ցոյցերով սրբացնենք եւ նուիրագործենք անոր անարատ յղութեան տօնը մեծ ջերմեռանդութեամբ ու վառ սիրով:








All the contents on this site are copyrighted ©.