2016-12-09 09:31:00

Ռայի Պատրիարքը նախագահը կը հրաւիրէ Պքերքէի մէջ մատուցուելիք Ս. Ծննդեան պատարագին


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պաապտայի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ նոր կառավարութիւնը կազմուի նախքան Ս. Ծննդեան տօնը` կոչ ուղղելով զօրակցելու հանրապետութեան նախագահին, «որովհետեւ հանրապետութեան նախագահին զօրակցելով` նեցուկ կանգնած կ՛ըլլանք ամբողջ Լիբանանին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ նախագահ Աուն տէր կը կանգնի լիբանանեան միասնականութիւնն ու Լիբանանի բարօրութիւնը պահպանելու իմաստով իր արտասանած երդման ճառին», շեշտեց ան:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք նախագահ Աունը հրաւիրած է ներկայ գտնուելու Պքերքէի մէջ մատուցուելիք Ս. Ծննդեան պատարագին, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնած է նախագահ Աունի` անոր որդեգրելիք բոլոր քայլերուն իմաստով:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց պահպանելու Լիբանանի բազմազանութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը: «Այս սկզբունքներէն մեկնելով` անհրաժեշտ կը նկատենք ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը բարգաւաճեցնել», եզրափակեց ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.