2016-12-09 09:42:00

ԼՂ տագնապ.ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահ երկիրներու արտգործոց նախարարներուն յայտարարութիւնը:


Համպուրկի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿի նախարարական գագաթնաժողովի ծիրին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչութեամբ միացեալ յայտարարութիւն որդեգրած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններուն ղեկավարները՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերին եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան–Մարք Էյրօն:

Յայտարարութեան մէջ յատկապէս շեշտուած է, որ համանախագահող երկիրները լիովին յանձնառու են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային կարգաւորման:

«Նկատի առնելով Ապրիլին շփման գիծին մէջ բռնութեան աճը, մենք մտահոգութիւն կը յայտնենք շարունակական զինուած միջադէպերու, որոնց կարգին ծանր զինատեսակներու գործածութեան առնչութեամբ եւ խստօրէն կը դատապարտենք ուժի եւ սպառնալիքի կիրարկումը: Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, եւ ոչ մէկ արդարացում կայ քաղաքացիներու մահուան եւ վիրաւորման դէպքերուն գծով:

Մենք նաեւ տեղեակ ենք ռազմաճակատին մէջ Ապրիլին տեղի ունեցած վայրագութիւններուն մասին, զորս կը դատապարտենք խստագոյն ձեւակերպումներով: Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն՝ հաստատելու իրենց յանձնառութիւնը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը՝ որպէս տարածաշրջանի ժողովուրդներուն միջեւ համերաշխութեան հաստատման միակ ուղի: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք անոնց՝ խստօրէն հետեւելու 1994–1995 թուականներու զինադադարի համաձայնագիրներուն, որոնք հակամարտութեան գօտիին մէջ բռնութիւններու դադրեցման հիմնաւորումն են:

Մենք կոչ կ՛ուղղենք Պաքուին եւ Երեւանին՝ յարգելու 16 Մայիսին Վիեննայի եւ 20 Յունիսին Սենթ Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովներուն ընդունուած համատեղ յայտարարութիւններուն մէջ ամրագրուած համաձայնութիւնները: Մենք կ՛ողջունենք կողմերուն արձանագրած յառաջընթացը՝ անհետ կորսուած անձերուն վերաբերեալ տեղեկատուութեան փոխանակումը՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի հովանիին տակ: Կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի առաքելութեան ընդլայնման հարցին մէջ վերացնել բոլոր խոչընդոտները եւ յառաջընթաց արձանագրել ԵԱՀԿ հետաքննութիւն մեքանիզմի ստեղծման առաջարկին շուրջ: Առաջարկները պէտք է գործադրուին կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու անմիջապէս վերսկսման զուգահեռ:

Մենք կ՛ուզենք կրկնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ուղղուած մեր կոչը՝ ճկունութիւն ցուցաբերելու եւ բանակցային սեղանին վերադառնալու՝ ընթացիկ աշխատանքային առաջարկներու հիման վրայ դէպի կայուն խաղաղութեան հաստատում ընթանալու նպատակով: Այնքան ատեն որ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած, վերսկսուած բռնութեան հեռանկարները մի-այն կը մեծնան, իսկ կողմերը լիակատար պատասխանատուութիւն կը կրեն ատոր համար:

Կողմերուն կը յիշեցնենք, որ կարգաւորումը պէտք է հիմնուի Հելսինկիի Եզրափակիչ ուխտի, մասնաւորապէս ուժ չգործածելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման հաւասար իրաւունքներու հիման վրայ, ինչպէս նաեւ համանախագահող երկիրներու նախագահներուն առաջարկած յաւելեալ տարրերու հիման վրայ, որոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներու վերադարձ ատրպէյճանական վերահսկողութեան ներքեւ, Լեռնային  Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակ, որ կ՛ապահովէ անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ, Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին միացնող միջանցք, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակը սահմանող իրաւականօրէն պարտադիր կամքի արտայայտութիւն, ներքին տեղահանուած բոլոր անձերու եւ գաղթականներու վերադարձ իրենց նախկին բնակութեան վայրեր եւ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներ, որոնք կը ներառեն խաղաղապահութեան գործողութիւն: Մեր երկիրները կը շարունակեն սերտօրէն աշխատիլ կողմերուն հետ, եւ մենք կոչ կ՛ուղղենք անոնց՝ ամբողջութեամբ օգտուելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն որպէս միջնորդներու օժանդակութենէն:

Համանախագահները պատրաստ են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը կազմակերպել այն ատեն, երբ անոնք պատրաստ կ՛ըլլան: Մենք իսկապէս կը հաւատանք, որ նախագահները պէտք է բարի կամքով իրենց կարելին ընեն շուտ ներգրաւուելու բանակցութիւններուն մէջ: Նախագահներուն միջեւ շարունակական եւ ուղիղ երկխօսութիւնը, որ կը կատարուի համանախագահներուն հովանիին տակ, կը մնայ վստահութեան կառուցման եւ խաղաղ բանակցային գործընթացին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու հիմնարար տարրը», նշուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.