2016-12-09 10:26:00

Լաւրով. «Արեւելեան Հալէպի մէջ Սուրիական բանակի գործողութիւնները դադրեցուած են»


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ սուրիական բանակը երէկ դադրեցուցած է արեւելեան Հալէպի մէջ զինուորական գործողութիւնները` քաղաքէն խաղաղ բնակիչները դուրս բերելու համար:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լաւրով երէկ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին ըսած է. «Այսօր Արեւելեան Հալէպի մէջ դադրեցուած են սուրիական բանակի զինուորական գործողութիւնները, որովհետեւ կը կատարուին հերթական մեծագոյն աշխատանքները քաղաքէն դուրս բերելու համար խաղաղ բնակիչները, որոնք կ՛ուզեն հեռանալ Հալէպէն: Այդ միջանցքին երկարութիւնը 5 քիլոմեթր է»:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու զինուորականներն ու դիւանագէտները 10 դեկտեմբերին պիտի հանդիպին Ժընեւի մէջ` Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակը քննարկելու համար:
«Նախապէս Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւններուն Հաւատարմութիւնը
Կարեւոր Դեր Կը Խաղայ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Հարցին Մէջ»
ԵԱՀԿ-ի կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Համպուրկի մէջ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 23-րդ նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն հաւատարմութիւնը բոլոր բարդ տագնապներուն, մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանալին է:
«Նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն հաւատարմութիւնը բոլոր բարդ տագնապներուն, ներառեալ Մերձտնեսթրի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապներու լուծման բանալին է», ըսած է Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ որեւէ տագնապ անհրաժեշտ է լուծել համաձայնեցուած ձեւաչափերով` կողմերու լիարժէք մասնակցութեամբ, անոնց շահերու հաւասարակշռութեան պայմանով:







All the contents on this site are copyrighted ©.