2016-12-09 10:46:00

«Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մԷջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառ


Դեկտեմբեր 8-ին,  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան առթիւ ՀՀ կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճի նախասրահին մէջ մեկնարկեց «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը:

Ներկայացուած էին 65-է աւելի սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներ, ոսկերչական իրեր, քաղցրաւենիք:

Նախարարը շրջեցաւ տաղաւարներով, այնուհետեւ պատասխանեց լրագրողներու` Հալէպի կեդրոնի ազատագրման, օդակայանի բացման հնարաւորութեան եւ սուրիահայերու հնարաւոր վերադարձին վերաբերող հարցերուն:

Ցուցահանդէս-տօնավաճառը պիտի գործէ նաեւ Դեկտեմբեր 9-ին, ժամը` 10:00-19:00








All the contents on this site are copyrighted ©.