2016-12-08 09:00:00

Անարատ յղութեան տօն. Սուրբ կոյսը՝ ողորմութեան Մայր:


Փառաւորեալ Կոյսը բարձրացաւ Արքաներու Արքային Մայրն ըլլալու արժանիքին: Հետեւաբար, Եկեղեցին կը պատուէ Զինքը «Թագուհի» վսեմ տիտղոսով եւ կը խնդրէ մեզմէ, որ նոյնն ընենք:

Սուրբ Աթանաս կ'ըսէ. «Եթէ Որ-դին Թագաւոր է, ապա Մայրը, որ ծնաւ Զինքը, յորջորջուելու է Թագուհի եւ յարգուելու է իբր Դշխոյ»:

Սուրբ Բերնարդին Սիենացի կ'աւելցնէ. «Այն վայրկեանէն, որ Մարիամ հաւանեցաւ ըլլալու Մայրը Յաւիտենական Խօսքին, վաստկեցաւ արժանիքը՝ դառնալու Տիրուհին ամբողջ աշխարհին եւ բոլոր արարածներուն»:

Սուրբ Արնոլտ, Շարթրի Աբբան, կը յայտարարէ. «Քանի Մարիամի Մարմինը տարբեր չէ Յիսուսի մարմինէն, ինչպէ՞ս կարելի է դուրս հանել Մայրը Որդիին փառաւորութենէն: Այս պատճառով՝ Որդիին փառքը բաժնուած չեմ նկատեր իր Մօր հետ, այլ՝ նոյն փառքն է երկուքին»:

Այսպէս, Մարիամ Դշխոն է : Եւ մեր մխիթարութեան համար, մենք յիշելու ենք, որ Ան ամէնէն քնքուշ եւ ազնիւ Թագուհին է, յարմար ու պատրաստ՝ մեզի օգնելու մեր թշուառութեան մէջ: Ա՛յնքան, որ Եկեղեցին կը սպասէ մեզմէ, որ այս աղօթքին մէջ Զինքը կոչենք «Թագուհի ողորմութեան»: - Ողջ լեր, սուրբ Թագուհի, Մայր ողորմութեան:

Ժան Գերսոն, Փարիզի մեծ դիւանապետը, կը նկատէ, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը, որ հիմնուած է արդարութեան եւ ողորմութեան վրայ, բաժնուած էր մեր Տիրոջմէն: Իրեն վերապահած է արդարութեան Թագաւորութիւնը, իսկ ողորմութեան Թագաւորութիւնը տուած է Մարիամին: Նոյն ատեն, Որդին տնօրինեց, որ բոլոր ողորմութիւնները մարդերուն տրուին Մարիամի միջոցաւ, եւ անոնք մատակարարուին ճիշդ այնպէս, ինչպէս հաճոյ է իր Մօր:

Այս ճշմարտութիւնը կը հաստատէ Սուրբ Թովմաս Ագուինացի. «Երբ Սուրբ Կոյսը յղացաւ Յաւիտենական Բանն իր արգանդին մէջ եւ ծնունդ տուաւ անոր, ստացաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան կէսը: Դարձաւ Ողորմութեան Թագուհին եւ Որդին մնաց արդարութեան Թագաւոր»:

Միշտ դարձի՛ր այս ամենաքնքուշ Դշխոյին եւ դուն ստուգապէս պիտի փրկուիս: Քու մեղքերդ կ'ահազանգե՞ն եւ կը յուսալքե՞ն քեզ...: Յիշէ՛, որ Մարիամ Ողորմութեան Թագուհի եղաւ փրկելու ամէնէն աւելի մեծ ու լքուած մեղաւորները, որոնք կը յանձնուին Անոր:

Այս ազատագրուած հոգիները պիտի ըլլան Մարիամի պսակն արքայութեան մէջ, ինչպէս Աստուածային Փեսային Անոր ուղղած հրաւէրը կը բացայայտէ. «Եկո՛ւր Լի-բանանէն, ո՜վ Հարս, եկու՛ր Լիբանաէն, եկու՛ր: Դուն պիտի պսակադրուիս... առիւծներու որջերէն եւ ինձերու լեռներէն»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.