2016-12-07 10:40:00

Մեսրոպեանի աշակերտները վերանորոգեցին իրենց մկրտութեան խոստումները


Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբերին, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ Սուրբ Պատարագ եւ հոգեպարար արարողութիւն մը, որուն ընթացքին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները վերանորոգեցին իրենց մկրտութեան խոստումները: Ներկայ եղան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, ուսուցիչներ, ծնողներ, ինչպէս նաեւ մասնակից աշակերտներէն շատերու կնքահայրերն ու կնքամայրերը:

Պատարագը մատուցեց եւ այս առիթով քարոզեց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ տէր Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան: Իրենց պատգամները յղեցին նաեւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Պերճ վրդ. Սապէ եւ փոխ ժողովրդապետ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան:

Հոգեւորական հայրերը վեր բերին մկրտութեան խորհուրդին եւ մկրտութեան խոստումի վերանորոգութեան նշանակութիւնը քրիստոնեայ մարդուն կեանքին մէջ: Անոնք շեշտեցին, որ դէպի գիտակցական տարիք իրենց յառաջացումին մէջ, պատանիներն ու պարմանուհիները հրաւիրուած են յաւելեալ խանդով մը փարելու Աստուծոյ, կայանալու համար որպէս ճշմարիտ քրիստոնէաներ՝ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով:








All the contents on this site are copyrighted ©.