2016-12-05 09:50:00

Հալէպի աւելի քան կէսը ազատագրուած է գրոհայիններէն․ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն


Սուրիոյ կառավարական ուժերը կը շարունակեն յաջողութեամբ գործողութիւններ իրականացնել Հալէպի արեւելեան շրջաններուն մէջ: ԹԱՍՍ-ի փոխանցմամբ, յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Դեկտեմբեր 4-ին գրոհայիններէն ազատագրուած է Քարիմա էլ Քաթարաջին, որ ունի մօտ 3 քկ․ տարածք: Այժմ կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուին 30 թաղամասեր, որոնք կը կազմեն քաղաքի` գրոհայիններուն կողմէ գրաւած տարածքին 52 տոկոսը:

Սուրիական բանակը կոչ կ՛ընէ քաղաքացիներուն վերադառնալու իրենց տուները: ՄԱԿ-ի տուեալներով, աւելիք քան 27 հազար մարդ լքած է քաղաքին այդ հատուածները:








All the contents on this site are copyrighted ©.