2016-12-05 12:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 5 դեկտեմբերի քարոզը։ ՝՝Յիսուսի բերած փոփոխութիւնը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 5 դեկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, տուաւ քարոզ մը, անդրադառնալով օրուան ընթերցուածներուն։

Եսայի Մարգարէի խօսքերուն մէջ, ինչպէս Սրբազան Հայրը նկատեց, մեզի կը ներկայացուի  «նորոգումը»։ Ամէն ինչ պիտի փոխակերպուի եւ նորոգուի Մեսիայի գալուստով։ Այս ակնկալութեամբ կ՝ապրէր Իսրայէլի ժողովուրդը։ Յիսուսի բերած փոփոխութիւնը պարզապէս դիմայարդարում չէ, այլ ինչպէս օրուան Սուրբ Աւետարանին մէջ կը կարդանք՝ Յիսուս ժողովուրդին ցոյց կու տար նոր ճանապարհ մը. ասոր համար է, որ ժողովուրդը կը հետեւէր Անոր։

Յիսուսի պատգամը պարզապէս նորութիւն մը չէր, այլ կը խօսէր սրտերուն։ Իսկ փոփոխութիւնը լոկ վատէն դէպի լաւ անցում մը չէր, այլ հիմնական փոխակերպում։

Աստուած աշխարհ ստեղծեց, իսկ մարդը մեղանչեց։ Իսկ Յիսուս եկաւ վերաստեղծելու աշխարհը։ Այս է Սուրբ Աւետարանի պատգամը։ Յիսուս, նախ քան հիւանդը բուժելը, կը ներէ անոր մեղքերը։

Օրէնքի վարդապետները կը սկսին Յիսուսի հետ վիճաբանիլ եւ տրտնջել։ Չէին ուզեր ընդունիլ անոր հեղինակութիւնը։ Հետեւաբար մենք, պէտք է մեր սրտերը բանանք Տիրոջ եւ նշենք մեղքերը իրենց ինքնութեամբ, չծածկենք զանոնք։

Ասոր համար Տէրը թող մեզի օգնէ մեծ հաւատքով պատրաստուելու Սուրբ Ծննդեան տօնին։ Փոխակերպումը իսկական բուժումն է, որ Յիսուս կը շնորհէ։ Այս նպատակով պէտք է աղօթենք եւ խնդրենք, որ Ան մեզ «վերաստեղծէ»։

Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ թոյլ տանք, որ Տէրը մեր մեղքերը ներէ եւ մեզ նորոգէ։ Ասոր համար պէտք է թափանցենք մեր մեղքերուն խորքը, եւ զանոնք յանձնենք Տիրոջ, որպէսզի Ան ջնջէ զանոնք։








All the contents on this site are copyrighted ©.