2016-12-03 12:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ''Fortune Time Global'' երկօրեայ ժողովին մասնակցող գործատէրերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 3 դեկտեմբերի առաւօտեան, ժամը 11,45ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց ,   "Time-Life հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած  ''Fortune Time Global'' երկօրեայ ժողովին մասնակցող աւելի քան 400 գործատէրերը։ Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը իր խնդակցութիւնը յայտնեց ու անդրադարձաւ գործատէրերու վեհաժողովի նիւթին ՝՝21-րդ դարու մարտահրաւէրը. նոր ընկերային դաշինք  ստեղծել ՝՝ու հաստատեց թէ ՝՝այդ նիւթը իսկապէս նպաստաւոր է եւ ունի որպէս նպատակ` ներառող եւ արդար  տնտեսական տիպարներու շտապ պահանջքը''։

Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գործատէրերուն ի գործ դրած ջանքերուն, որոնք նպատակ ունին նպաստել  մարդկային արժանապատուութեան կեդրոնականութեան, հաստատութիւններուն եւ տնտեսական ասպարէզէն ներս, յատուկ ուշադրութիւն ընծայելու համար ընկերութեան կողմէ յաճախ մոռցուած աղքատներուն եւ գաղթականներուն վէրքերուն ու այս առնչութեամբ  նշեց թէ ՝՝երբ, որ անտեսենք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ճիչը՝ աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ, ոչ միայն անտեսած կ՝ըլլանք  անոնց Աստուծոյ կողմէ շնորհուած իրաւունքներն ու արժանիքները, այլեւ՝ կը մերժենք անոնց իմացականութիւնը եւ արգելք կը հանդիսանանք  իրենց ձիրքերու արտայայտութեան,   աւանդութիւններուն  ու մշակոյթներուն'։

Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադառնալով ժամանակակցից աշխարհի դժուարութիւններուն, որ յատկանշուած է անձկութիւններով, հաստատեց թէ  ''ժողովուրդներուն միջեւ անհաւասարութիւնը կը շարունակուի աճիլ  եւ թէ շատ մը հասարակութիւններ թիրախ դարձած են հակամարտութիւններուն եւ չքաւորութեան ինչպէս նաեւ բռնի գաղթականութեան։

Ժողովուրդները սակայն՝  կ՝ուզէ  նաեւ լսելի դարձնել իր ձայնը եւ արտայայտել իր մտավախութիւններն  ու մտահոգութիւնները։  Անոնք կ՝ուզեն  իրենց յատուկ նպաստը բերել տեղական հասարակութիւններուն։  Այս բոլորը,  ըսաւ Սրբազան Հայը,  մեզ կը մղեն հասկնալու նաեւ,  թէ կ՝ապրինք յոյսի պահեր,  աւեցնելով, ՝՝այն ժամանակ, որ իրազեկ կ՝ըլլանք մեր մէջ գտնուող չարին,   փորձեր կը կկատարենք զանոնք ամոքելու համապատասխան բուժումներ որոնելով''

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ապա գործատէրերուն ըսաւ ՝՝այսօր՝  ձեր հոս ներկայութիւնը­  այդ յոյսի նշան է , որովհետեւ  ցոյց կու տայ,­ թէ դուք գիտակից էք մեր դիմաց դրուած հարցերուն եւ գիտակից էք վճռակամութեամբ որոշում առնելու հրամայականին։

Այս վերանորոգումը  եւ յոյսի ռազմավարութիւնը  կը պահանջէ  պաշտօնական եւ անձնական ապաշխարութիւն։ Վերանորոգիչ եւ հիմնական ապաշխարութիւնը չի կայանար վաճառականութեան թիւերուն մէջ այլ՝ մարդկութեան հասարակաց բարիքի եւ իւրաքանչիւր անձի իրաւունքի փնտռտուքի մէջ։

 Ի վերջոյ Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ  ձեր ամենամեծ մարտահրաւէրն  է, պատասխանել համաշխարհային անարդարութիւններուն, զարգացնելով տեղական պատասխանատուութեան հոգին, անձնական հոգին, այնպէս որ ՝ոչ  մէկը  կարենայ  դուրս մնայ  ընկերային բաժնեկցութենէն։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը քաջալերեց գործատէրերը շարունակելու ժողովին ընթացքին սկսած աշխատանքը  եւ որոնել միշտ ստեղծագործական  ուղիներ , փոխակերպելու համար հաստատութիւններն ու տնտեսական կառոյցները , որպէսզի անոնք կարենան համապատասխանեն այսօրուան կարիքներուն եւ ըլլան մարդու անձի ծառայութեան ի սպաս, յատկապէս անոնց որոնք մեկուսացուած վիճակի  մէջ կը գտնուին։. Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.