2016-12-03 10:17:00

Քարիթասը աւելի քան 8000 Իրաքցի գաղթականներուն տուներ կը տրամադրէ Յորդանանի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Քարիթասի օժանդակութեամբ աւելի քան 8000  Իրաքցի ընտանիքներ պիտի հիւրընկալուին Յորդանանին մէջ, շնորհիւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց դասի հանգանակած 200 միլիոն եւ 200 հազար եւրօ գումարին։  

''Յորդանանի մէջ ապաստան գտած Իրաքցի ընտանիքներուն , 2017 տարեշրջանին բնակարանի  վարձքի ծախսեր  պիտի հոգայ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը''  այս մասին Վատիկանի Ռատիոկայանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնած է` Յորդանանի Քարիթասին տնօրէնը,  նշելով թէ գաղթականները նախ հաստատուած էին Էրպիլ քաղաք, ապա փոխադրուած էին Յորդանան եւ այսօրուայ դրութեամբ անոնք կը հաշուեն 2200 ընտանիք։  

Քարիթասի տնօրէնը ապա յայտնած,  է թէ շնորհիւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նիւթական օժանդակութեան, Քարիթասը կրցած է գաղթական ընտանիքներու զաւակներու ապահովեցնել նաեւ դաստիարակութիւն Քրիստոնեայ դպրոցներու մէջ։

Նշենք, թէ Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի Քարտուղար ՝ գերապայծառ Կալանթինօ  վեջերս այցելած է Յորդանանի մէջ ապաստան գտած գաղթականները անոնց ապահովեցնելով յաւելեալ նիւթական օժանդակութիւն, յատկապէս հոգալու համար կարիքաւոր ընտանիքներուն ծախսերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.