2016-12-03 09:05:00

''Խոկումներ եւ վկայութիւններ'' Մայր Թերեզայի մասին Հռոմի մէջ հաւաք։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 5 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Հռոմի Ճեմելլիի կաթողիկէ հիւանդանոցին մէջ, նախատեսուած է ''Խոկումի եւ վկայութիւններու'' հաւաք մը հայող Քալքութայի Մայր Թերեզային` Սուրբ Սիրտ կաթողիկէ համալսարանի հետ ունեցած կապի մասին, որուն ընթացքին պիտի զրուցուի բժշկութեան ու կրօնական ծաւալի միջեւ կայացած յարաբերութեան մասին։

Հաւաքին բնաբանն է ''Հաւատք, գիտութիւն եւ սէր – Մայր Թերեզան եւ Կաթողիկէ համալսարանը''։

Հաւաքի ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան եկեղեցական ու բժշկական ասպարէզի յայտնի մասնագէտներ ու անձնաւորութիւններ որոնց շարքին Վատիկանի Պետութեան Քահանայապետի տեղակալ Կարդինալ ԱնՃելօ Քոմասթրի։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ համալսարանը` 1981-ին. Քալքութայի Սրբուհի Մայր Թերեզային  շնորհած է ''Բժշկութեան եւ Վիրաբուժութեան'' աւարտական պատուոյ  վկայական։








All the contents on this site are copyrighted ©.