2016-12-03 09:25:00

Գեթսէմանիի պարտէզի Մայր տաճարի սուրբ դրան փակումը. ''Բաց պահել ողորմութեան դռները''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 3 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէի 4,30-ին նախագահութեամբ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքութեան պատրիարքական փոխանորդ` գերապայծառ Ուիլիամ Շոմալիի եւ Սուրբ Երկրի պահակ Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնի, փակումը կը կատարուի գեթսէմանիի Մայր Տաճարի սուրբ դրան, որուն բացումը կատարուած էր 2015-ի դեկտեմբեր 13-ին, Ողորմութեան յոբելենական սուրբ տարւոյն առթիւ։ 

Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձու` գերապայծառ Փիերպաթթիսա Փիցցապալլա այս առթիւ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց թէ տարին եղաւ հարուստ ու լի փոքր սակայն նշանակալից ձեռնարկներով­, հաստատելով թէ հարկաւոր է բաց պահել մեր սրտի դռները` ողորմութեան դռները, ի տես բազմաթիւ վէրքերուն եւ բաժանումներուն։ 

Գերապայծառ Փիցցապալլա ապա մաղթանք յայտնեց որ Պաղեստինցի ու Իսրայէլացի քաղաքական գործիչները` քաջութիւնը ունենան ձգտելու իսկական համերաշխութեան, ակնարկելով ապա Ունեսքոյէն որդեգրուած համաձայնագիրին հայող` Սուրբ Երկրի սուրբ վայրերուն ու ընդգծելով հարկաւորութիւնը յարգելու այդ վայրերը ըլլան անոնք պատկանող քրիստոնեաներուն, հրեաներուն կամ մահմետականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.