2016-12-02 09:49:00

Ֆրանսուա Հոլլանտ իր թեկնածութիւնը չառաջադրեց Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան:


Երէկ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ սեղմ ճառի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ ֆրանսական ձախի միասնականութիւնը պահպանելու համար պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը` պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանի մը համար:

Ելոյթին ընթացքին Հոլլանտ ներկայացուց իր նախագահութեան ընթացքին իրականացուած նուաճումները` նկատել տալով, որ ինք աշխուժօրէն աշխատած է բազմաթիւ թղթածրարներու, օրինակ` ազատութիւններու եւ ժողովրդավարութեան ու թափանցիկութեան ամրապնդման հարցերուն վրայ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.