2016-12-02 14:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Արեւելեան Որուկուայի հանրապետութեան նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 2 դեկտեմբերին, առաւօտեան , Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ ունկնդրութեամբ ընդունած է Արեւելեան Ուրուկուայի հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Թապարէ Ռամոն Վազգէզ Ռոզաս, որ ապա  հանդիպած է Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլինի հետ։.

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացին արծարծուած են Սուրբ Աթոռի եւ Որուկուայի միջեւ գոյատեւող  բարի յարաբերութիւնները, միասնական  հետաքրքրութիւնը` մարդու անհատի ամբողջական զարգացման, մարդու իրաւունքներու յարգանքի ու ընկերային խաղաղութեան նկատմամբ։

Այս շրջագիծէն ներս ընդգծուեցաւ ապա կաթողիկէ հաստատութիւններուն բերած նպաստը` Ուրուկուայի ընկերութեան մէջ, յատկապէս մարդու զարգացման, կազմաւորումի եւ կարիքաւորներուն հանդէպ խնամակալութիւն։

Զրոյցի ընթացքին, մատնանշուեցաւ ապա ազգային, եւ տարածաշրջանային քաղաքական կացութեան հայող նիւթերուն ու յատուկ տեղ գրաւեցին ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացումը եւ  ցամաքամասի  ընկերային մարդասիրական կացութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.