2016-12-01 14:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 1 դեկտեմբերի քարոզը։ Դիմադրութեան զանազան ձեւերը


(Ռատիօ Վատիկան)  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի առաւօտեան Սուրբ Պատարագի քարոզին մէջ խօսեցաւ Տիրոջ շնորհքի եւ մարդու դիմադրութեան մասին։ Սուրբ Պատարագի մէջ աղօթեցինք՝ «Քու շնորհքդ թող յաղթահարէ մեղքի դիմադրութեան», ըսաւ Սրբազան Պապը, եւ բացատրեց, թէ դիմադրելու զանազան ձեւեր կան։ Դիմադրութիւն մը, որ կու գայ բարի կամքէն եւ դիմադրութիւն մը, որ կը բացարձակօրէն կը հակառակի Տիրոջ շնորհքին։

Սաւուղ կը դիմադրէր, այն համոզումով, թէ Աստուծոյ կամքը կը կատարէր։ Անոր հակառակութիւնը կու գար բարի կամքէն։ Կան սակայն թաքուն դիմադրութիւններ, որոնք աւելի վտանգաւոր են։

Մեզմէ իւրաքանչիւրը դիմադրելու իւրայատուկ կերպ մը ունի։ Պէտք է քննելով մենք զմեզ, գտնենք մեր դիմադրելու կերպը, եւ զայն Տիրոջ առջեւ դնենք, որպէսզի Ան մաքրէ մեզ։ Սա այն դիմադրութիւնն է, որուն մասին կը խօսէր Սուրբ Ստեփանոս։ Օրէնքի վարդապետները կը հակառակէին Սուրբ Հոգիին կը դիմադրէին Անոր, մինչ կʼուզէին այնպէս ցոյց տալ, թէ Աստուծոյ փառքը կը փնտռեն։ Ի՞նչ է մեր թաքուն դիմադրութիւններուն բնոյթը – հարց տուաւ Սրբազան Հայրը։ Այդ դիմադրութիւնները կռաւորական են, ստէպ չեն երեւիր։ Սատանան է, որ այդպիսի հակառակութիւններ կը յառաջացնէ, որպէսզի Աստուած չյառաջանայ մեր մէջ։

Սրբազան Հայրը այդ թաքուն դիմադրութեան երեք ձեւեր ներկայացուց. նախ, դիմադրութիւն «սին խօսքերով»։ Օրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցուածին մէջ կը լսենք Յիսուսի խօսքը, որ կʼըսէ «Ոչ ամէն ոք, որ ինծի կʼըսէ Տէ՛ր, Տէ՛ր, Երկնքի Արքայութեան մէջ պիտի մտնէ, այլ միայն այն, որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ» (Մտթ Է. 21-27)։

Երկրորդ՝ «ինքնարդարացման խօսքերը»։ Երբ անհատ մը միշտ պատճառ մը կը գտնէ դիմադրելու շնորհքին։ Երբ ինքնարդարացումները կը բազմապատկուին, կը նշանակէ թէ այնտեղ Աստուծոյ բարի հոգին չէ որ կը գործէ, այլ սատանայի չար հոտը կայ։

Եւ վերջապէս «մեղադրական խօսքերը»։ Կը մեղադրենք ուրիշները, որպէսզի մենք մեզի չնայինք եւ դարձի չգանք՝ դիմադրելով շնորհքին։

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով «դիմադրութեան» այս երեք կերպերուն, շեշտեց, թէ պէտք է թոյլ տանք, որ Տիրոջ հոգին մեր մէջ գործէ։ Սակայն եթէ կան դիմադրութիւններ կամ հակառակութիւններ, պէտք չէ վախ ունենանք, այլ օգնութիւն խնդրենք Տիրոջմէ, ընդունելով որ մեղաւորներ ենք։

Սրբազան Պապը եզրափակեց քարոզը, քաջալերելով որ վախ չունենանք երբ մեր սրտին մէջ դիմադրութիւններ գտնենք. այլ աղօթենք, որ Տէրը մեզի օտնէ եւ Իր շնորհքդ յաղթէ մեղքի գործած դիմադրութեան։ Դիմադրութիւնները միշտ սկզբնական մեղքի արդիւնք են, որ մեր մէջ կը կրենք։ Սակայն լաւ է զգալ դիմադրութիւն, որովհետեւ դա նշան է, թէ շնորհքը կը գործէ։ Սակայն վատ է, դիմադրութիւնները գործածել հակառակելու համար Տիրոջ շնորհքին։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.