2016-12-01 09:36:00

Վերջին 72 ժամուան ընթացքին Հալէպի մէջ շուրջ 20 հազար անձ լքած Է իր տունը


Հալէպի մէջ պատերազմական սաստկացող վիճակին պատճառով վերջին 72 ժամուան ընթացքին մօտ 20 հազար սուրիացի լքած է իր տունը:

Այս տեղեկութիւնը 29 նոյեմբերին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Ժընեւի կեդրոնատեղիէն քաղելով զայն:

«Ըստ կատարուած ուսումնասիրութեան, օգոստոս ամիսէն ի վեր Հալէպի մէջ մօտ 60 հազար հոգի ստիպողաբար լքած է իր տունը: Անոնց քսան հազարը փախուստ տուած է վերջին 72 ժամուան ընթացքին», նշուած է կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Լուսարձակի տակ առնուած է այն իրողութիւնը, որ Հալէպի արեւմտեան մասի սուր մարտական գործողութիւններու թատերաբեմ եղած շրջաններէն աւելի քան 40 հազար հոգի հեռացած է, իսկ քաղաքի արեւելեան մասին մէջ անընդհատ կռիւներու լոյսին տակ քսան հազար հոգի հեռացած է` ապահովութիւն փնտռելով տարբեր ուղղութիւններով:








All the contents on this site are copyrighted ©.