Ազգային օփերայի խմբավար, գեղարուեստական ղեկավար եւ «Քիեւ քլասիկ» նուագախումբի գլխաւոր խմբավար Գերման Մաքարէնքօն դարձած է առաջին ուքրանացին, որ արժանացած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Արուեստագէտ յանուն խաղաղութեան» պատուաւոր կոչումին: Փարիզի մէջ, Նոյեմբեր 29-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան արարողութեան յատուկ համերգային ծրագրին «Քիեւ քլասիկ» նուագախումբը ներկայացուցած է յայտնի հայ երգահան Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ Analitikaua.net-ը` վկայակոչելով Ուքրանիոյ հայերու միութեան լրատուական ծառայութիւնը:
Ուքրանացի խմբավարը յայտնի է Ուքրանիոյ մէջ հայերու միութեան եւ Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ կազմակերպուող երաժշտական նախագիծերուն մշտական մասնակցութեամբ: Գերման Մաքարէնքոյի վերջին համերգներէն մէկը դարձած է երեկոյ-ռեքվիեմ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
All the contents on this site are copyrighted ©. |